ՔԸԼԸՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու շրջանակներէն ներս այսօր արդէն տեղի կ՚ունենայ յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական սպասուած հանդիպումը։ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ այսօր մեկնեցաւ Հայաստան, ուր դիմաւորուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Ռուբէն Ռուբինեան Սերտար Քըլըչը դիմաւորեց Ալիճան-Մարգարա ցամաքային սահմանի անցակէտին վրայ։ Այսինքն, Սերտար Քըլըչ Հայաստան մեկնած է՝ սահմանահատելով գործնականօրէն տասնամեակներէ ի վեր փակ անցակէտէն։ Կը հաղորդուի, որ երկու յատուկ ներկայացուցիչները սահմանի վրայ ջերմօրէն ողջունած են զիրար։

Օրուան տեւողութեան Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ պիտի ծաւալուին քննարկումներ, որոնց օրակարգին շուրջ որոշ մանրամասնութիւններ հրապարակուած էին Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2025