ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՈՐԱՑՆԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱՑԿՈՒԹԻՒՆԸ

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց եւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի երէկ բանակցութիւններ վարեցին Նիւ Տելհիի մէջ։ Հնդկաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 75-ամեակին եւ ռազմավարական գործընկերութեան 25-ամեակին առթիւ կազմակերպուած է այս այցելութիւնը։ Զոյգ յոբելեաններու մթնոլորտին մէջ Պերլինի եւ Նիւ Տելհիի ղեկավարութիւնները դրական պատգամներ տուին՝ համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ առկայ անորոշութեան պայմաններուն ներքեւ բաւական ուշագրաւ շփում մը եղաւ այս մէկը։ Երկու կողմերը ընդգծեցին գործընկերութիւնը զարգացնելու ուղղեալ քաղաքական կամքը։ 

Ֆրիտրիխ Մերց շեշտեց, որ Գերմանիա կը փափաքի անվտանգութեան հարցերու մէջ աւելի սերտօրէն համագործակցիլ Հնդկաստանի հետ՝ նուազեցնելով անոր կախուածութիւնը Ռուսաստանէն։ 

Պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս երկու երկիրները այս նպատակով փոխըմբռնման յուշագիր մըն ալ ստորագրեցին։ Համաձայնագրեր ալ ստորագրուեցան՝ հանքանիւթերու, առողջապահութեան ոլորտի եւ արհեստական բանականութեան նորարարական կեդրոնի շուրջ։ 

«Հնդկաստանը եւ Գերմանիան համատեղ կ՚աշխատին անվտանգ, վստահելի եւ դիմացկուն մատակարարման շղթաներ կառուցելու ուղղութեամբ։ Այսօր այս բոլոր հարցերու վերաբերեալ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագրերը նոր թափ եւ ուժ կը հաղորդեն մեր համագործակցութեան», յայտարարեց Մերցը հիւրընկալելու ժամանակ Մոտին։ 

Միեւնոյն ժամանակ, Ֆրիտրիխ Մերց կոչ ուղղեց, որպէսզի Հնդկաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ աւարտին հասնի ազատ առեւտուրի համաձայնագրի շուրջ բանակցային գործընթացը։

Երեքշաբթի, Յունուար 13, 2026