ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ

Ռուբէն Վարդանեան աւելի քան երեք շաբաթէ ի վեր հացադուլի մէջ է։ Բանտէն յղած իր ուղերձը, ընտանիքին միջոցաւ հանրայնացած, միջազգային արդարադատութեան ուղղեալ պահանջ է. «Իմ բոլոր հայրենակիցներուն, սիրելի ու հարազատ մարդոց կ՚ուզեմ ըսել հետեւեալը՝ կը դատեն ո՛չ թէ զիս ու միւս 15 հոգին, այլ բոլոր հայերը»։

Ուղերձը, որքան որ ալ հայրենակիցներուն ուղղուած է, նոյնքան եւ աւելի՝ միջազգային հասարակութեան, որ ցարդ հասարակ դատապարտումներէ անդին չէ անցած, որեւէ պատժական քայլի չէ ձեռնարկած։ Եւ ինչպէ՞ս կրնայ ձեռնարկել, երբ ազատ աշխարհի հզօրագոյն երկրի՝ ԱՄՆ-ի խորհրդարանը կը դատապարտէ Միջազգային քրէական ատեանի որոշումներն ու դատաւորները։

Պաքու շատ լաւ կը գիտակցի ռազմագերիներուն ազատ արձակման հարցին նկատմամբ հայ հասարակութեան զգայնութեան։ Ուղերձը ընտանիքին փոխանցելու արտօնութիւնը ինքնին կ՚ընդգծէ անոր՝ իբրեւ խաղաթուղթ օգտագործումը Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը ալեկոծելու նպատակով՝ մինչ դատավարութիւնը տեղի կ՚ունենայ միջազգային դէտերու, փաստաբաններու, լրագրողներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, մինչ նոյնիսկ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութենէն՝ ռազմագերիներուն այցելելու իրաւասու միակ կառոյցէն կը պահանջուի լքել երկիրը։ Ռազմագերիներու մեկուսացման ու հսկողութեան այս ծայրագոյն պայմաններուն մէջ, քաղաքական բովանդակութիւն ունեցող ուղերձի մը փոխանցումին թոյլտուութիւնը, բնականաբար, հարցադրումի առիթ կու տայ. ինչո՞ւ այս բարեացակամութիւնը։

Ռուբէն Վարդանեանի ուղերձը երկու առումով կը հետաքրքրէ Պաքուն. նա՛խ, հացադուլի պատճառով Վարդանեանի արտաքնապէս հիւծուած պատկերին տարածումը եւ երկրորդ՝ անձնաւորութեան անկախ ու հակոտնեայ տեսակէտները Հայաստանի իշխանութեան դիրքորոշումներուն դէմ։ Ուղերձը իր մէջ կ՚ամփոփէ հայկական աշխարհի ազգային ու քաղաքական հակասութիւնները։

Յատկանշական է՝ հակառակ արդէն աւելի քան երեք շաբաթէ ի վեր տեւող հացադուլին, Ռուբէն Վարդանեանի ազգային բարոյական ոգին բարձր է. «Ես զոհ չեմ, ինծի պէտք չէ խղճալ, քանի որ սա գիտակցուած որոշում է»։

Ի՞նչ գիտակցական որոշումի մասին է խօսքը։ Վարդանեան քաղաքական դէմք չէր, մինչեւ Արցախ հաստատուիլը եւ պետական նախարար նշանակուիլը նոյեմբեր 2022-ին, որմէ ետք դեկտեմբերի 12-ին սկսաւ Արցախի շրջափակումը, որ տեւեց ինն ամիս՝ մինչեւ Արցախի վրայ յարձակումն ու արցախցիներու ցեղային զտումը եւ արտաքսումը իրենց պապենական հողէն։ Այն ժամանակ ան յայտարարած էր. «Ունինք մէկ ճանապարհ՝ ապրիլ, ստեղծել Արցախի մէջ եւ հաւատալ մեր յաջողութեան»։ Պատգամ մը, որ ուղղակի կը հակասէր դիրքորոշումներուն Հայաստանի իշխանութեան, որ կը յորդորէր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին՝ բանակցութիւններ վարել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, Ատրպէյճանի գերիշխանութեան ներքեւ՝ արցախցիներուն ներքին ինքնավարութեան կարգավիճակ մը ձեռք ձգելու նպատակով։ Այս դիրքորոշումը չէին բաժներ Ռ. Վարդանեան եւ ռուս խաղաղապահ զօրքերու հովանաւորութեան ապաւինող Արցախի ղեկավարութիւնը։

Ռ. Վարդանեան յստակ քաղաքական տեսլականի տէր անձ էր՝ իր բազմածալք հետաքրքրութիւններով ու ազգանուէր գործունէութեամբ։ Նախքան Արցախ մեկնիլը իր քաղաքական նկրտումները զգալի էին։ Հայաստանի մէջ նեցուկ հանդիսացած էր՝ «Ապրելու երկիր» քաղաքական կուսակցութեան հիմնադրութեան, որուն գլխաւոր նախագահն է Մանէ Թանդիլեան, սակայն, Արցախ հաստատուելով ինքնավստահ կերպով ուզեց իրականացնել իր քաղաքական տեսլականը։ Դարձաւ ընդդիմադիր, քննադատեց 2020-ի պատերազմէն ետք Հայաստանի իշխանութիւններու վարած «ռէէլփոլիթիք»ի քաղաքականութիւնը։ Կոչեր յղեց Արցախէն՝ պայքարելու, զէնքով ու արիւնով պաշտպանելու Արցախի ինքնիշխանութիւնը։

Ռուբէն Վարդանեան այլ որակի ընդդիմադիր էր, Սերժ Սարգսեանի կամ Ռոպերթ Քոչարեանի նման չէր թաթախուած երկրի թալանի ու կաշառակերութեան մէջ։ Մարդասիրական, կրթական, ընկերային, գիտական, տնտեսական մեկենասութիւններով ու գործունէութեամբ՝ բարոյական դրամագլուխ մը կուտակած էր. որակներ, որոնք չունին Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները։ Թէեւ Արցախի իր քաղաքական նախաձեռնութիւնը ձախողեցաւ, սակայն, իր բարոյական արժանիքներով Հայաստանի մէջ կրնայ արժանավայել ընդդիմադիր ճակատ մը կազմել, եթէ յաջողի փրկուիլ Պաքուի ճիրաններէն։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025