ՀՈԼԱՆՏԱ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Կասպար Վելտքամփը, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ բանակցութիւններ վարելու առընթեր՝ ընդունուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Վելտքամփ եւ Միրզոյեան ունեցան առանձնազրոյց մը եւ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, նաեւ մասնակցեցան Երեւանի մէջ հաստատուած Հոլանտայի դեսպանութեան շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարները վերահաստատեցին, որ շարունակական ջանքեր կը գործադրուին Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Անոնք քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային առեւտուրի ու փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու խթանման հարցերը։ Ըստ Միրզոյեանի՝ խաղաղութեան պարագային խօսքը կը վերաբերի նաեւ անոր ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ուժի եւ սպառնալիքի չկիրառման եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած ըլլալուն։ Վելտքամփն ալ շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը շատ կարեւոր են Եւրոպայի համար։ Ան աւելցուց, որ Հոլանտա կը սատարէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

«Թէեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը կրնայ մեծապէս կախուած ըլլալ Ուքրայնայի վերաբերեալ գործընթացներէն, սակայն, կան նաեւ յաւելեալ հնարաւորութիւններ, որոնք կրնան իրականացուիլ Հարաւային Կովկասի մէջ՝ անկախ Ուքրայնայի վերաբերեալ գործընթացներէն», յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակից նախարարները ընդգծեցին Թեհրան-Պաքու քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։ Անոնք արձանագրեցին երկու հարեւան երկիրներու միջեւ փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ ներդրումային համատեղ նախագծերու ներկայացուցած ռազմավարական նշանակութիւնը։ Արաղչի եւ Պայրամով մասնաւորապէս ընդգծեցին, որ Իրանի վրայով փոխադրութեան միջանցքը, այլ երթակառուցուածքներ, որոնք կը միացնեն Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի հետ, նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն տարածաշրջանին համար։

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025