ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆՋՈՅՔ
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի մասնակցութեամբ, երէկ երեկոյեան, Պոմոնթիի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ իֆթարի հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց քաղաքական գործիչներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, դիւանագէտներ եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած էր այս ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ներկայ էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Գլխաւոր սեղանին շուրջ էր նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր մասնակցեցան երեկոյթին, որու հրաւիրեալներու շարքին էին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրեալ հայազգի գործիչները։
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի շրջանին զուգադիպած այս համախմբումը, իրականութեան մէջ, ունի ձեւաւորուած աւանդութիւն, որ ակամայ ընդհատուած էր վերջին հինգ տարիներուն։ Այս տարի վերականգնուեցաւ այդ աւանդութիւնը, ինչ որ բոլորին տեսակէտէ ուրախառիթ էր։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի պատասխանատու Մութեպէր Եըլմազճանի ջանքերով համակարգուած էին կազմակերպչական աշխատանքները։ Ընդհանուր առմամբ միասնականութեան խնջոյքի մը մթնոլորտը ձեւաւորուեցաւ երեկոյթի ընթացքին՝ մանաւանդ, որ նախարար Էրսոյ ելոյթին մէջ դրական պատգամներ տուաւ։ Հաւաքոյթը առիթ ընձեռեց նաեւ հերթական անգամ բարձրաձայնելու՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային հիւանդանոցներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցը։
Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սէրտա Արսլանի։ Միաստուածեան կրօններու ներկայացուցիչներուն կողմէ արտասանուեցան աղօթքներ։ Ելոյթի հրաւիրուածներու շարքին էին Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը, Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Սինան Աքսու, եւ այլն։ Ճան Ուսթապաշը առ ի շնորհակալութիւն յուշանուէր մըն ալ յանձնեց նախարար Էրսոյին։
Իսթանպուլի մօտ պաշտօնավարող օտարերկրեայ դիւանագէտներ ալ հրաւիրուած էին այս երեկոյթին՝ ներառեալ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։
Երեկոյթի աւարտին, նկարահանումէ վերջ, բոլորը իրարու հրաժեշտ տուին ջերմօրէն, բարեմաղթանքներու փոխանակմամբ՝ մանաւանդ, որ իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնն ու քրիստոնեաներու Սուրբ Զատիկը պիտի նշուին իրարու բաւական մօտ թուականներով։