ՖԻՏԱՆ-ՎԱՏԷՖՈՒԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ. ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀՐԱՀՐՄԱՆ ԴԷՄ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Տաւիտ Վատէֆուլը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իրանի պատերազմի պայմաններուն ներքեւ՝ մինչ միջազգային բոլոր իրադարձութիւնները այժմ կը հունաւորուին անոր ազդեցութեամբ։ Թուրքիա եւ Գերմանիա ինչպէս միշտ, այս փուլին եւս սերտ կապի մէջ են։ Ի շարունակութիւն՝ Անգարա-Պերլին առանցքին վրայ երէկ արտաքին գործոց նախարարները շօշափեցին վերջին իրադարձութիւնները։
Գերմանացի պաշտօնակցին հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Հաքան Ֆիտան զգուշացումներով հանդէս եկաւ՝ Իրանի մէջ հաւանական ներքին պատերազմի մը հրահրման դէմ։ Իր խօսքով՝ Իրանի պարագային ազգագրական կամ դաւանական խոցելի կէտեր խնդրոյ առարկայ են եւ անոնց հրահրումով ներքին պատերազմի մը հասնելու ծրագիրներուն դէմ Թուրքիա պիտի պայքարի մինչեւ վերջ։
«Մենք այժմէն կը զգուշացնենք անոնք, որոնք այսպիսի ոդիսականներու միջամուխ դառնալ կ՚ուզեն։ Ոեւէ մէկը պէտք չէ այսպիսի երազանքներու մէջ մտնէ», ըսաւ Ֆիտան։
Հարկ է նշել, որ Եոհան Տաւիտ Վատէֆուլ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։