ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին յանձնեց «Աթաթիւրք» միջազգային խաղաղութեան մրցանակը։ Անթոնիօ Կութերես, որ այս մրցանակը ստանալու համար այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, արժանացաւ մեծ պատիւներու։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս իրեն ի պատիւ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Ընդհանուր քարտուղար Կութերես շեշտեց, որ մրցանակը ՄԱԿ-ի աշխատակիցներու անունով կը ստանայ։
Նախագահ Էրտողան, որու կողքին էր առաջին տիկին Էմինէ Էրտողան, ջերմ զրոյց մը ունեցաւ Կութերեսի հետ։ Էրտողան ընդգծեց, որ այժմու դարու ամենամեծ ողբերգութիւններէն մին կ՚ապրուի Կազզէի մէջ եւ Կութերեսի կողմէ այս կապակցութեամբ դրսեւորուած կեցուածքը միշտ պիտի վերյիշուի դրուատիքով։
Անթոնիօ Կութերես, որ արժանացաւ այս մրցանակի վեցերորդին, Էրտողանի խօսքով՝ լուռ մեծամասնութեան ձայնը դարձած է՝ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ճանապարհին։
Կութերեսը հիւրընկալելու ժամանակ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա խորացուցած ու ամրապնդած է իր նպաստը ՄԱԿ-ի երդիքին տակ բոլոր ուղղութիւններով։ Ան յիշեցուց Կութերեսի հետ միասին ծաւալուած խտացեալ աշխատանքը եւ այս ամբողջին մէջ առանձնապէս մատնանշեց նաեւ Սեւ ծովու հացահատիկի նախաձեռնութիւնը, որու շնորհիւ կանխուեցաւ համաշխարհային պարէնի տագնապը։ Ներկայիս ալ Թուրքիա ՄԱԿ-ի հետ սերտ համագործակցութեան մէջ է, որպէսզի Ուքրայնայի մէջ պատերազմը վերջանայ եւ խաղաղութիւնը վերահաստատուի։
Այս բոլորէն վերջ Էրտողան անդրադարձաւ Իրանի պատերազմին, որ այժմ միջազգային օրակարգի վրայ թիւ մէկ խնդիրն է։ Հրատապ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ նախագահ Էրտողան ըսաւ. «Մենք մեր աշխարհագրութիւնը ամբողջութեամբ աղէտի մը առաջնորդելու վտանգին յղի Իրանի պատերազմի ա՛լ աւելի չմեծնալուն համար խտացեալ դիւանագիտական երթեւեկ մը յառաջ կը տանինք։ Պիտի շարունակենք համբերութեամբ եւ վճռակամութեամբ աշխատիլ բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կը ջանան մեզ յուսալքել եւ ապահովել, որ մենք մեր պայքարէն հրաժարինք», ըսաւ նախագահ Էրտողան։
