ՀԱՇՏՈՒԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔԸ
Հաշտուելու համար պէտք է երկու կողմի փափաքը։ Ատրպէյճանական ազգի ներկայացուցիչները մեր թշնամիները չեն։ Յամենայնդէպս, ես զանոնք այդպէս չեմ ընկալեր։ Երբ մեր պետութիւններու միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները իսկապէս կարգաւորուին, մենք եւ անոնք պէտք է ամէն ինչ ընենք՝ դէպի իրական հաշտեցում երթալու համար։ Բայց քաղաքական յարաբերութիւնները ամենեւին կարգաւորուած չեն, Հայաստան եւ Ատրպէյճան պետութիւնները այս պահուն կը մնան թշնամի։ Այդ փաստը կրնան չընդունիլ միայն իշխանութիւնները, որոնց ղեկավարութեամբ Հայաստան պարտութիւն կրած է եւ որոնք այդ բանին հետեւանքով կը կատարեն յաղթական կողմի պահանջները։ Այո, պատերազմի ժամանակ հայերն ու ատրպէյճանցիները զիրար սպաննած են։ Բայց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան մէջ համաչափութիւն չկայ։ Ատրպէյճանցիները Սումկայիթի մէջ սպաննած են, խոշտանգած եւ բռնաբարած են հայ կիներն ու աղջիկները։ Ատրպէյճանցիները Պաքուի մէջ հայերը վար նետած են բազմայարկ շէնքերէ։ Ատրպէյճանցի սպան կացինահարած է քնացած հայ սպան եւ իր երկրին մէջ հերոսացուած։ Ատրպէյճանական դպրոցներուն մէջ առ այսօր ատելութիւն կը սերմանուի հայերուն դէմ։ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ այսօր կը պահուին ու կը խոշտանգուին մեր հայրենակիցները։ Ատրպէյճանի նախագահը, նոյնիսկ «խաղաղութեան հաստատումէն» յետոյ, կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանին եւ կոչ կ՚ուղղէ իր քաղաքացիներուն երբեք չմոռնալ «հայերու չարագործութիւնները»։ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը կը խօսի «Էջմիածնի ղազիաթ»ի եւ ատրպէյճանցիներու՝ «իրենց հողերը վերադառնալու» մասին։
Այսինքն, հարեւան երկրի քաղաքականութիւնը կը շարունակէ ըլլալ թշնամական։ Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններու «խաղաղասէր» հռետորաբանութիւնը կը հնչէ առնուազն անհեթեթ։ Որովհետեւ հակառակ կողմը իրական խաղաղութեան համար որեւէ քայլի չի ձեռնարկեր եւ պիտի ալ չձեռնարկէ, քանի դեռ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուին իրենց կողմէ պարտութեան ենթարկուած ղեկավարները։
Հաշտութիւն պէտք է ըլլայ եւ անպայման պիտի ըլլայ։ Բայց ո՛չ այս իշխանութիւններուն օրօք։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի