ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՊԵՐԼԻՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Դէպի Պերլին աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Կեզա Անտրէաս ֆոն Կայրիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնագրերու արդիւնքները եւ ստեղծուելիք տնտեսական հնարաւորութիւնները։
Իր կարգին, գերմանացի պետական քարտուղարը բարձր գնահատեց Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը՝ ուղղուած տարածաշրջանէ ներս կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան ապահովման։
Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան Երեւան-Պերլին յարաբերութիւններու զարգացման օրակարգային հարցերը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման արդիւնքով ստեղծուելիք տնտեսական համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններուն եւ կողմերը ընդգծեցին այս ուղղութեամբ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը։ Քննարկուեցան նաեւ ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան նիւթերը եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ նիւթեր։
Միւս կողմէ, Արմէն Գրիգորեան Պերլինի մէջ ճաշասեղանի շուրջ տեսակցեցաւ նաեւ Գերմանիոյ դաշնակցային հետախուզական ծառայութեան փոխ-նախագար Տակ Պեհրի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը հարցերու շուրջ։