ԱՍՊԱՐԷԶՆԵՐԸ

Մարդոց բոլոր արարքնեը կը ծառայեն ուղղակի կամ անուղղակի նպատակներու։ Անհատական կամ հաւաքական առումով մեծ տարբերութիւն մը չկայ կարծես։ Ընդհանրապէս, ամէն ինչ արդիւնքի, հետեւանքի եւ հեռանկարի չափերու մէջ է։

«Աշխատանքը մեզմէ կը հեռացնէ երեք մեծ թերութիւն՝ սրտնեղութիւն, վատ սովորութիւններ եւ չքաւորութիւն», կ՚ըսէ, իր կարգին, Վոլթէր։

Հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է, որ ապագայ ասպարէզներուն մէջ որոշիչ պիտի ըլլայ արհեստական բանականութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 14, 2026