ՉՏԱՐՈՒԻԼ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐԷ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ Երեւան պիտի չտրուի սադրանքներու ու պիտի շարունակէ շինիչ տրամադրութեամբ բանակցիլ Ատրպէյճանի հետ։

Կառավարութեան հերթական նիստէն յետոյ, փոխ-նախարարը պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Այս փուլին լրագրողներ մասնաւորապէս հետաքրքրուեցան, թէ եթէ միջանցք մը բանալու նպատակով Ատրպէյճան Հայաստանի վրայ յարձակի, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ի պատասխան՝ Կոստանեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի հաւանական բռնութեան պարագային Հայաստան հասանելի բոլոր գործիքակազմով պիտի պաշտպանէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Վահան Կոստանեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ՝ խորհրդարանին ընդունած օրէնքով սկիզբ առած Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը, համապատասխան որոշումը ուղղուած չեն Ռուսաստանի դէմ։ Ան աւելցուց, որ երբ գործընթացը հասնի ընտրութիւն մը կատարելու հաւանական փուլին, ապա երկրի քաղաքացիները քուէարկելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան:

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2025