ԲԱԶՄԱԿԻ ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄ
Այսօր կը սկսի Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովը։ «Բազմակի բեւեռացում» խորագրեալ, 151 էջէ բաղկացեալ տեղեկագիր մը հրապարակուած է խորհրդաժողովի բացման սեմին։ Տեղեկագրին մէջ արձանագրուած է, որ Արեւմուտքի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ հայեացքը կը փոխուի դրականօրէն։ Զեկոյցին մէջ մասնագէտներ խոշորացոյցի տակ առած են միջազգային համակարգի եղափոխութիւնը։ Այս առթիւ ընդգծուած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած միաբեւեռ աշխարհը այլեւս մնացած է անցեալի մէջ, ազատական բանախօսութիւնն ալ լուրջ փորձութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի։
Ըստ նոյն տեղեկագրին, Արեւմուտքի մէջ հետզհետէ կ՚աւելնայ թիւը անոնց, որոնք Թուրքիան իրենց երկրի դաշնակիցը կ՚ընկալեն։ Այս առումով ամենաբարձր համեմատութիւնը արձանագրուած է Անգլիոյ մէջ։ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ պարագային ալ հետզհետէ աւելի շատ մարդիկ կը մտածեն, թէ Թուրքիան իրենց երկրի դաշնակիցն է։ BRICS-ի երկիրներու՝ Չինաստանի, Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ ալ շատ դրական ընկալում կայ Թուրքիոյ պարագային եւ այդ մէկը Արեւմուտքի բաղդատմամբ շատ աւելի դրական է։ Այդ երկիրներու մէջ ալ հարցախոյզներու մասնակիցներուն լուրջ մեծամասնութիւնը Թուրքիան նկատած է դաշնակից։ Զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ Թուրքիա ի յայտ կու գայ՝ որպէս աշխոյժ տարածաշրջանային ուժ մը։ Համաշխարհային դերակատար դառնալու ներուժով երկիրներու շարքին կը դասուին ԱՄՆ-ը, Չինաստանը, Ռուսաստանը, Հնդկաստանը, Պրազիլն ու Հարաւային Ափրիկէն։ Քաթարը, Սէուտական Արաբիան ու Թուրքիան կը դասուին այն երկիրներու շարքին, որոնք միջազգային համակարգի մէջ կարեւոր դեր կրնան ստանձնել եւ քաղաքական կշիռ ունին՝ իրենց տարածաշրջաններէն անդին։
Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Գերմանիա մեկնած են՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն ալ խորհրդաժողովի մասնակիցներու շարքին է։
ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ. ԱՌՆՈՒԱԶՆ 30 ՎԻՐԱՒՈՐ
Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի բացման ընդառաջ, երէկ քաղաքը ցնցուեցաւ յարձակումով մը։ Բանուորական արհեստակցական միութեան մը կազմակերպած ցոյցին ժամանակ բազմութեան մէջ մխրճուեցաւ ինքնաշարժ մը։ Վարորդը քշեց բազմութեան վրայ եւ դէպքին հետեւանքով առնուազն 30 հոգի վիրաւորուեցաւ։
Ինքնաշարժի ղեկին նստած էր 24-ամեայ Ֆարհատ Ն., որ Աֆղանիստանի գաղթական մըն է։ Իրաւապահ մարմինները հարցաքննութեան ձեռնարկեցին դէպքին կապակցութեամբ։
Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոյց յայտարարեց, որ սա անհանդուրժելի եւ անընդունելի արարք մըն է։