ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ ՀԱՇՈՒԱՐԿ

Երեւան կը կարեւորէ Թեհրանի հետեւողական եւ հրապարակային դիրքորոշումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան նկատմամբ անվերապահ յարգանքի անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան պիտի այցելէ Երեւան։ Տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ Սպիտակ տան մէջ վերջերս Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած եռակողմանի հռչակագրին յաջորդած մթնոլորտին մէջ։

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Fox News»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Եթէ կեդրոնանանք տնտեսական կողմի վրայ, ապա ո՛չ միայն Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան, այլեւ Ռուսաստանն ու Իրանն ալ կ՚ունենան շատ կարեւոր օգուտներ։ Իրան հնարաւորութիւն կ՚ունենայ երկաթուղիով Պարսից ծոցէն Սեւ ծով հասնելու։ Ռուսաստան եւ Իրան կը կարողանան ունենալ երկաթուղային կապ երկու երկիրներու միջեւ»։

Փեզեշքիանի Երեւան այցի ընդառաջ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան, որ վերջին օրերուն այցելեց Թեհրան, իր շփումներուն ժամանակ ընդգծեց, որ Երեւան փոխադարձաբար հաշուի կ՚առնէ Թեհրանի կենսական շահերը։

Վահան Կոստանեան Թեհրանի մէջ տեսակցեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի, փոխ-նախարար Մաճիտ Ռաւանչիի, կրօնապետի խորհրդական ու արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար Քեմալ Խարազիի, միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Էքպեր Վելայեթիի, ինչպէս նաեւ նախագահի խորհրդական Մեհտի Սանայի հետ։

Վահան Կոստանեան ներկայացուց հայկական կողմի գնահատականները վերջերս Սպիտակ տան մէջ նախաստորագրուած Երեւան-Պաքու համաձայնագրի շուրջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ-Ատրպէյճան համատեղ հռչակագրին։ Փոխ-նախարարը շեշտեց, որ տարածաշրջանի տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացը տեղի կ՚ունենայ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու նկատմամբ լիակատար յարգանքի շրջանակներէ ներս՝ համապատասխան վերոյիշեալ հռչակագրի տարրին ու ոգիին։

Միւս կողմէ, Ապպա Արաղչի երէկ ընդունեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 14, 2025