ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Միւնիխի մէջ, Գերմանիա, բացուած է Միջազգային ժամանակակից մետայլներու արուեստի ցուցահանդէսը (FIDEM XXXVIII), ուր իրենց աշխատանքները ներկայացուցած են աւելի քան 30 երկրի 350 արուեստագէտ։ Սոյն ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ հայազգի մետայլագործ Գուրգէն Յակոբեանի աշխատանքները։
Ներկայացուած 500 աշխատանքը ամբողջացուած է «Մեր առասպելները՝ մեր արմատները» խորագրի ներքոյ: Աշխարհի զանազան երկիրներէ ցուցադրուած աշխատանքները ընդհանուր երկխօսութեան մէջ են՝ արտացոլացնելով նաեւ ինքնատիպ բազմազանութիւն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ցուցահանդէսին ներկայացուած են Գուրգէն Յակոբեանի երկու աշխատանքը։ «Մետայլները, որոնք ներկայացուցած եմ Միւնիխի ցուցահանդէսին, կը կոչուին «Դիցաբանական երազ»։ Աշխատանքները որոշակի իմաստով համապատասխան են ցուցահանդէսի խորագրին։ Այլաբանական, առասպելական եւ այժմեան կերպարներու համադրութիւնը զուգահեռուած է մետայլի փոքր մակերեսի վրայ՝ հաղորդելով անցեալի առերեսումը ներկայի հետ», ըսած է արուեստագէտը։
FIDEM-ը միջազգային մետայլագործական դաշնակցութիւն մըն է, որ երկու տարին անգամ մը տարբեր երկիրներու մէջ կը կազմակերպէ համաժողով եւ ցուցահանդէս: Գուրգէն Յակոբեան FIDEM-ի անդամն է ու ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ: Ան ունի մետայլագործական արուեստի գծով ստեղծագործութիւններ՝ նուիրուած հայ յօրինողներուն. ինչպէս՝ Եդուարդ Միրզոյեան, Տիգրան Մանսուրեան, Առնօ Բաբաջանեան եւ այլք:
Միւս կողմէ, Միւնիխի մէջ բացուած Միջազգային ժամանակակից մետայլի արուեստի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 2026 թուականի յունուարի 25-ը։