TRIPP-Ի ՇՈՒՐՋ ԻՐԵՐԱՄԵՐԺ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹՒԻՆՆԵՐ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը պիտի նպաստէ Կեդրոնական Ասիոյ բոլոր երկիրներուն։
Երբ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ Պաքուին բացատրել, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը չի բխիր Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած հռչակագրի ոգիէն ու տարրէն՝ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ նոյն խօսոյթին։ Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի մէջ ստեղծուած ժամանակակից երթուղային ենթակառուցուածքները՝ ներառեալ առեւտրային նաւատորմը, «Ալաթ» միջազգային առեւտրային նաւահանգիստը, որու հզօրութիւնը յառաջիկայ տարիներուն պիտի հասնի 25 միլիոն թոնի, Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին, ինչպէս նաեւ երկրի ինն միջազգային օդակայանները, այս բոլոր գործօնները կ՚ամրապնդեն երկրի դերը՝ որպէս համաշխարհային երթուղային եւ լոժիստիք կեդրոն։
Ալիեւի խօսքով՝ Էօզպեքիստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան հիմնական ոլորտներէն մէկը բազմազան փոխադրութեան եւ լոժիստիք ենթակառուցուածքներու զարգացումն ու տարանցիկ հնարաւորութիւններու ընդլայնումն է։ «Այս ոլորտէն ներս մեր երկիրներու մասնակցութիւնը Միջին միջանցքի միջազգային փոխադրութեան երթուղիին առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Ատրպէյճան կարեւոր տարանցիկ երկիր մըն է Էօզպեքիստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն համար։ Վերջին տարիներուն Միջին միջանցքով արտահանման հնարաւորութիւններու եւ բեռնափոխադրումներու աճը ձեռք բերած է առանձնայատուկ ռազմավարական նշանակութիւն», ըսաւ Ալիեւ։
Վերջերս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ Սպիտակ տան մէջ, Ուաշինկթըն, հիւրընկալած էր Ղազախիստանի, Խըրղըզիստանի, Տաճիկիստանի, Թիւրքմենիստանի եւ Էօզպեքիստանի նախագահները։ Այս երկիրներու ղեկավարները «C5+1» ձեւաչափով դիւանագիտական հարթակի շրջանակներէն ներս մտադրութիւն յայտնած են՝ ամրապնդելու համար մատակարարման շղթաներու կապն ու դիմադրունակողութիւնը։ Այստեղ կը հետապնդուի լիովին իրացնել Անդրկասպեան առեւտրային երթուղիի ներուժը եւ այդ մէկը կապել TRIPP-ին, որ պիտի անցնի Հայաստան-Իրան սահմանով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, «C5+1» երկիրներու եւ համաշխարհային հանրութեան շահերուն տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ապահովել բեռներու, տեղեկատուութեան եւ ուժանիւթի անվտանգ տեղաշարժը։