ԷՐՀԻՒՐՄԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Թուֆան Էրհիւրմանը։ Այս վերջինը ընտրուելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց Թուրքիա։

Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պետական բարձր արարողութեամբ դիմաւորեց Թուֆան Էրհիւրմանը։ Զինուորական արարողութենէն վերջ, երկու ղեկավարները ունեցան զրոյց մը։ 

Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան վերջին ընտրութիւնները հանրային կարծիքին մօտ բաւական լայն արձագանգ ստեղծած էին։ Ընտրութենէն յաղթական դուրս եկած Թուֆան Էրհիւրման, ըստ երեւոյթին, Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ առաջին հերթի վրայ նախընտրուած թեկնածուն չէր համարուեր։ Յամենայնդէպս, ընտրութենէն վերջ Էրհիւրման շատ շինիչ եւ դրական պատգամներ կը հասցէագրէ Անգարային եւ երէկուան հանդիպումներն ալ տեղի ունեցան համապատասխան մթնոլորտի մը մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14, 2025