ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Թիֆլիզի մէջ, ուր բանակցութիւններ կը վարէ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլիի հետ։ Բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ նախարարները յայտարարութիւններով հանդէս կու գան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Արարատ Միրզոյեան Թիֆլիզի մէջ կ՚ընդունուի նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Քաւելաշվիլիի, վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի եւ խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլիի կողմէ։ Ան ծաղկեպսակ մըն ալ կը զետեղէ՝ Վրաստանի միասնութեան համար զոհուած հերոսներու յուշարձանին։

Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին նախարարները կը քննարկեն Երեւան-Թիֆլիզ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգը, երկու հարեւաններու յարաբերութիւններու ընթացքը եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14, 2025