ՉՈՐՍ ԳԵՐԻԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում։ Այսպէս, Ատրպէյճան Հայաստանին վերադարձուց՝ Գէորգ Սուճեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Էօլչէքճեանը եւ Վաքիֆ Խաչատրեանը։ Այս վերջիններու շարքին Վաքիֆ Խաչատրեանի առողջական վիճակը վերջերս մտահոգիչօրէն վատթարացած էր։ Ան կը գտնուի յառաջացած տարիքի մէջ։ 

Այս չորս գերիներուն փոխարէն, Հայաստանն ալ Ատրպէյճանին վերադարձուցած է՝ Սուրիայէն այն երկու վարձկանները, որոնք կը գտնուէին իր ձեռքը։ Այդ վարձկանները 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի զօրքերուն կողմէ գերեվարուած էին՝ խոստովանելով, թէ իրենց կողմէ սպաննուած իւրաքանչիւր հայու գլխին համար 100 ամերիկեան տոլար պիտի ստանային։ Երէկ վերադարձուած վարձկանները արդէն Հայաստանի մէջ գտնուողներու վերջիններն էին։ 

Իրադարձութիւնը թէեւ ողջունելի է, սակայն, Հայաստանի իշխանութիւնները քննադատութիւններու ալ կ՚ենթարկուին՝ քանի Ատրպէյճանի կողմէ ազատ արձակուած բոլոր գերիները քաղաքացիական անձեր են, իսկ Հայաստանի կողմէ վերադարձուածները ահաբեկիչներ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու վերաբերեալ խնդիրներու շարունակութիւնը կը մնայ միշտ այժմէական։

Հինգշաբթի, Յունուար 15, 2026