ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԺԱՄԿԷՏ Կ՚ԵՆԹԱԴՐԷ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն անմիջապէս վերջ Թուրքիա արագօրէն պիտի բնականոնացնէ իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։

Նախարար Ֆիտան Հռոմի Միջազգային յարաբերութիւններու կաճառէն ներս շաբաթավերջին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին մեկնաբանութիւններ ըրաւ միջազգային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան՝ մանաւանդ Անգարա-Երեւան-Պաքու առանցքի կացութեան։ 

Հաքան Ֆիտան դիտել տուաւ, որ Ղարաբաղի գրաւումէ ազատագրուելէ վերջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խաղաղութեան եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու տեսակէտէ պատմական ռիսք մը առած է, ինչ որ Թուրքիոյ կողմէ գնահատանքի կ՚արժանանայ։ Այս գործընթացին համար ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ ընկերներուն։ Իր խօսքով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ ամրապնդած է պատմական համաձայնութեան հեռանկարը։ 

Հաքան Ֆիտանի խօսքով՝ Սպիտակ տան մէջ վերջնական ստորագրութիւնները չեն դրուած, կ՚ակնկալուի, որ յաջորդ տարուայ առաջին կէսին վերջնականօրէն ստորագրուի Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրը, որ անցեալ օգոստոսի 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած էր։

«Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութեան վերջնական ստորագրումէն անմիջապէս վերջ, մենք ալ արագօրէն պիտի իրականացնենք Հայաստանի հետ բնականոնացումը», ըսաւ նախարարը։

Հարկ է նշել, որ Հաքան Ֆիտանի յայտարարութիւնները յաջորդեցին Սերտար Քըլըչի Երեւան այցելութեան, որու ընթացքին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչները հերթական բանակցութիւնները իրականացուցին։ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ այս շփումը, իր կարգին, տեղի ունեցած էր անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովէն վերջ։

Հաքան Ֆիտանի այս յայտարարութիւններէն վերջ Երեւանէն ալ եկաւ արձագանգ մը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ ստորագրումը լրջագոյն քայլ մը կ՚ըլլայ հաստատուած խաղաղութեան հաստատութենականացման ուղղութեամբ»։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Անի Բադալեան յայտնեց. «Երբ այս տարուայ մարտի 15-ին յայտարարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագրի թեքստի համաձայնեցումը, ապա հայկական կողմը միաժամանակ յայտնեց համաձայնագրի արագ ստորագրման իր պատրաստակամութիւնը։ Այս մօտեցումը վերահաստատուեցաւ օգոստոսի 8-ին համաձայնագրի նախաստորագրմամբ, ինչ որ որպէս խաղաղութեան հաստատումը արձանագրող կարեւոր իրադարձութիւն՝ արժանացաւ միջազգային լայն աջակցութեան։ Ստորագրման ամսաթիւի հարցին մէջ Հայաստանի սկզբունքային մօտեցումը չէ փոխուած։ Հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ համաձայնագրի ստորագրումը լրջագոյն քայլ կ՚ըլլայ հաստատուած խաղաղութեան հաստատութենականացման ուղղութեամբ»։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, տարածաշրջանի բոլոր դերակատարները անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Մոսկուայէն եւս կը կատարուին յայտարարութիւններ, որոնց միանշանակ գնահատական մը տալ կարելի չէ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ իր երկիրը Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն քայլեր կ՚ակնկալէ՝ «3+3» ձեւաչափով հերթական հանդիպման կազմակերպման համար։ «Սա արդիւնաւէտ հարթակ մըն է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Հարաւային Կովկասի համար կարեւոր հարցերու քննարկման առումով», ըսաւ Զախարով, որու խօսքով՝ Մոսկուա տարածաշըր-ջանէ ներս խաղաղութեան ամրապնդումն ու Երեւան-Պաքու կայուն հաշտեցման հաստատումը առաջնահերթ կը համարէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2025