ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԲԱԶՄԱՇԵՐՏ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈԽԸՄԲՌՆՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլի քննարկեցին տարածաշրջանային հարցեր։

Թիֆլիզի մէջ նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլիի եւ վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի կողմէ։

Միրզոյեան-Պոչորիշվիլի բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան կողմերու բազմաշերտ օրակարգի բոլոր հարցերը։ Ընդգծուեցաւ, որ բոլոր բնագաւառներէ ներս աշխոյժ համագործակցութիւն կը ծաւալուի Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին վրայ։ Ի լրումն այս բոլորին, յայտարարուեցաւ, որ գործարարներու առկայ խնդիրներու լուծման համար քաղաքական փոխըմբռնում գոյութիւն ունի երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ։ Նախարարներու շփումներուն տեւողութեան ընդգծուեցաւ, որ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը կայուն հիմք կը համարուի կողմերու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ 

Վրացական կողմը կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու համար տարածաշրջանէ ներս խաղաղ զարգացման։ Հայկական կողմն ալ նշեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան շահառուներու շարքին են նաեւ Թիֆլիզն ու ամբողջ տարածաշրջանը։ 

Ինչպէս միշտ, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդիրներն ալ քննարկուեցան Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ։ Այս ամբողջին մէջ մատնանշուեցաւ, որ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկումը կրնայ կարեւոր օղակ մը դառնալ՝ Եւրոպա-Կեդրոնական Ասիա կապուղիին տեսակէտէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 15, 2025