ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԵՒ ԱՊՊԱՍ ԱՐԱՂՉԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ առաջնահերթօրէն շօշափուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով իրադարձութիւնները։ Նախարարները շօշափեցին նաեւ Թուրքիա-Իրան յարաբերութիւնները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ֆիտան եւ Արաղչի ընդգծեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման կարեւորութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Արաղչի թրքական կողմին ցաւակցութիւն յայտնեց՝ ռազմական բեռնատար ինքնաթիռի արկածին բերումով։ Իր կարգին, Հաքան Ֆիտան ընդգծեց տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան փոխկապակցուածութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ բոլոր երկիրներու յանձնառութիւնը կարեւոր է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 15, 2025