ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԽԵԱԼ ՉԷ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԿԱՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը պայմանաւորուած չէ միայն Երեւանով եւ Պաքուով։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սուրէն Պապիկեան երէկ սարքեց տարեմուտի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին մեկնաբանեց Հայաստանի ներկայ անվտանգային իրավիճակը եւ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ յարձակման հաւանականութեան։ «Ակրեսիւ յայտարարութիւններուն չեմ անդրադառնար, որովհետեւ իւրաքանչիւր յարձակումը իրականացնելու համար անհրաժեշտ են հիմքեր, իսկ այդպիսի հիմքեր չկան, որովհետեւ Հայաստան հանդէս կու գայ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը հաստատելու պատումով եւ այդ պատումներն ու առաջարկները բաւական հիմնաւոր են», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ տարածաշրջանէն ներս լարուածութեան մեծացման համար հիմք գոյութիւն չունի։

Պապիկեանի համոզմամբ, տարածաշրջանի անվտանգութիւնը եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը պայմանաւորուած չեն միայն Հայաստանով եւ անոր մէկ հարեւանով, այլ պայմանաւորուած են ամբողջ տարածաշրջանով։ «Ի հարկէ, տարածաշրջանը դիւրին ժամանակներ չ՚ապրիր, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ես կը տեսնեմ, որ առկայ խնդիրները հնարաւոր է լուծել բանակցութիւններու միջոցաւ», ըսաւ նախարար Սուրէն Պապիկեան։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստան որեւէ մէկու հետ սպառազինութեան մրցավազքի մտնելու խնդիր չունի։ Իր խօսքով՝ սահմանային հատուածներէ ներս Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու որեւէ տեղաշարժ տեսանելի չէ Հայաստանի համար։

Նախարարը խօսեցաւ նաեւ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն մասին՝ մատնանշելով, որ անոնք կը շարունակեն ըլլալ ռազմավարական դաշնակից։ «Ո՛չ Հայաստանը իր տեղէն պիտի հեռանայ, ո՛չ ալ Ռուսաստանը։ Մենք կը շարունակենք ըլլալ ռազմավարական դաշնակից։ Բնականաբար, մենք ունինք նաեւ գործող պայմանագրեր։ Կրնանք ու պէտք է ունենանք սպասարկման պայմանագրեր։ Ասոնք հարցեր են, որոնցմէ ո՛չ ռուսական կողմը ո՛չ ալ մենք կը խուսափինք ու պէտք չէ խուսափինք», շարունակեց ան։ Ի շարունակութիւն Պապիկեան դիտել տուաւ, որ քանի տակաւին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գործընկերները չեն փոխած իրենց դիրքորոշումը, ապա Հայաստանի այդ կազմակերպութեան նկատմամբ վերաբերմունքը օրինական է։ Իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ համագործակցութիւնը ուղղուած է Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու մեծացման։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս տարի հայ-ամերիկեան համագործակցութիւնը աւելի կ՚ամրանայ պաշտպանական ոլորտէն ներս։ Երեւան գոհ է ռազմական ոլորտէ ներս Ուաշինկթընի հետ համագործակցութենէն։

Սուրէն Պապիկեան շեշտեց, որ տարածաշրջանէն ներս մագլցումներու հիմքեր չի տեսներ։ Ան այս շեշտադրումները ըրաւ՝ մանաւանդ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններու լոյսին տակ։ Պապիկեան մատնանշեց, որ օրակարգի իւրաքանչիւր խնդրի պարագային Հայաստան ունի իր առաջարկները։

ՀԱՊԿ-ԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, ՀԱՊԿ արձագանգեց Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրին։ Այսպէս, կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը՝ Իմանկալի Թասմակամպետով յայտնեց, որ Երեւան-Ուաշինկթըն գործընկերութիւնը պէտք չէ անվտանգութեան սպառնալիքներ ստեղծէ այլ կողմերու դէմ։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան բնոյթն ու հեռանկարները գնահատելու համար անհրաժեշտ է առաջին հերթին ծանօթանալ համապատասխան փաստաթուղթերուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025