ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳ
Սուրիոյ մէջ սկսած նոր շրջանին զուգահեռ՝ երէկ այդ երկրէն առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տրուեցաւ Թուրքիա։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ այս շրջանին խտացեալ աշխատանք կը ծաւալւի՝ մինչ կարիքներու օրակարգ մը կը ձեւաւորուի յառաջիկայ շրջանին համար։ Մինչ այդ, Թուրքիա կը պատրաստուի յունուարի 20-էն սկսեալ վերաբանալ իր հիւպատոսարանը Հալէպի մէջ։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Հասան Շէյպանի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Ան հիւրընկալուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ հիւր նախարարը ընդունեց Պեշթեփէի համալիրէն ներս՝ ներկայութեամբ Հաքան Ֆիտանի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութիւնը դռնփակ էր։ Աւելի ուշ տեղեկացուեցաւ, որ զրոյցի տեւողութեան արժեւորուած է Սուրիոյ վերջին կացութիւնը։ Գնահատուած են նաեւ այն քայլերը, որոնք պիտի առնուին Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հիմունքով։ Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին նշած է, որ անկեալ Պեշար Էսատի վարչախումբը ետին թողած է մեծ փլատակ մը։ Թուրքիա եղբայրական Սուրիոյ ժողովուրդի հրատապ կարիքներու դիմագրաւման եւ երկրի վերակառուցման ուղղութեամբ նախատեսուած աշխատանքները պիտի խրախուսէ։ Էրտողան այս ամբողջին մէջ կարեւորեց նաեւ Սուրիոյ դէմ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցներու վերացումը։ Նախագահը հերթական անգամ դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ ապագային ահաբեկչական կազմակերպութիւնները տեղ պիտի չունենան։
Էսատ Հասան Շէյպանի Անգարա եկած էր՝ ընկերակցութեամբ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մուրհեֆ Էպու Քասրայի եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավար Էնէս Հատտապի։ Բանակցութիւնները տեղի ունեցան 3+3 ձեւաչափով։ Թուրքիայէն ալ, բացի Հաքան Ֆիտանէն, բանակցութիւններուն մասնակցեցան ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն։ Շէյպանի Անգարայի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Սուրիա նոր պատմութիւն մը գրի առած են։ Իր խօսքով՝ տարածքային ամբողջականութիւնը շատ կարեւոր է։ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները կը ձգտին, որ երկրի ամբողջ տարածքը միաւորուի նոյն երդիքին տակ, կեդրոնի կառավարութեան կապուած ձեւով։ Ան կարեւորեց Սուրիոյ միասնականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնումը։ Ի լրումն այս բոլորին, Շէյպանի շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ՝ նոր ղեկավարութեան ի նպաստ ցուցաբերուած հաւատքին համար։ Ան Անգարայէն կոչ ուղղեց միջազգային հաւաքականութեան, որպէսզի Սուրիոյ բարգաւաճման համար համագործակցութեան ոգի ցուցաբերուի։ Շէյպանի ընդգծեց նաեւ, որ նոր ղեկավարութիւնը կը ձգտի, որպէսզի Սուրիոյ մէջ բոլոր խաւերը ներդաշնակութեամբ կարողանան երկխօսութեան մէջ ըլլալ։