ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՋԵՐՄ ԶՐՈՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։ Նկատի ունենալով, որ Նաիրի Պետրոսեան տարեմուտին Երեւան կը գտնուէր՝ չէր կրցած մասնակցիլ շնորհաւորական հանդիպումներուն։ Իբր այդ, Պոլիս վերադարձին ան Պատրիարքարան այցելեց եւ շնորհաւորեց Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անձին մէջ ան բարեմաղթանքներ յղեց թրքահայ համայնքին։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ փոխադարձաբար Հայաստանի ներկայացուցիչը շնորհաւորեց Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ՝ կարողութիւն մաղթելով իր առաքելութեան մէջ։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ զրոյցէն վերջ Նաիրի Պետրոսեան շրջայց մըն ալ կատարեց Պատրիարքարանի համալիրի «Յովհաննէս Կոլոտ» թանգարանին մէջ՝ ուղեկցութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի, որ այդ բաժանմունքի տնօրէնն է։

Ներկայացուցչութեան աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ հանդիպման ընթացքին Նաիրի Պետրոսեան շնորհաւորած է նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան հնգամեակը։ Բաց աստի, զրուցակիցները քննարկած են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025