ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԼՈՆՏՈՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վաղը երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Լոնտոն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են Անգլիոյ շարք մը պաշտօնատարներուն հետ երկկողմանի բնոյթով հանդիպումներ։

Գրիգորեանի ծրագրի պարագային այլ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2025