ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ TRIPP-ԻՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն Միխայիլ Քալուկին յայտարարեց, որ Մոսկուա պատրաստ է Երեւանի հետ խորհրդակցելու TRIPP նախագծին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բարձրաստիճան դիւանագէտը հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ այդ նախաձեռնութեան Ռուսաստանի հաւանական մասնակցութեան մասին։ «Հայ-ամերիկեան նախագծի մանրամասնութիւնները տակաւին պէտք է ուսումնասիրուին։ Մենք պատրաստ ենք խորհրդակցիլ մեր հայ գործընկերներուն հետ՝ քննարկելու թէ՛ նախաձեռնութեան չափանիշները եւ թէ Ռուսաստանի հաւանական մասնակցութիւնը։ Այդ նախագիծին Ռուսաստանի մասնակցութեան համար կան բաւարար հիմքեր», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ տարածաշրջանը կ՚օգտագործէ ռուսական երկաթուղային գիծերը։ Արդարեւ, Հայաստանի երկաթուղային ցանցը կը կառավարուի «Հարաւ-կովկասեան երկաթուղիներ»ու կողմէ, որ դուստր ձեռնարկութիւնն է Ռուսական երկաթուղիներու ընկերութեան։
Բաց աստի, ըստ Քալուկինի՝ TRIPP-ը մեծաւ մասամբ պիտի անցնի ռուս սահմանապահներու պատասխանատուութեան տարածքով։ «Մենք պէտք է հաշուի առնենք նաեւ Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին։ Ակնյայտ է, որ մեր գործընկերները չեն կրնար առանց Ռուսաստանի», ըսաւ ռուս դիւանագէտը։
Վերջին օրերուն այլ ռուս պաշտօնատարներ ալ յայտնած էին, որ Հայաստան ճամբաբաժանի մը պիտի հասնի ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոմիութեան միջեւ։
Միւս կողմէ, Միխայիլ Քալուկին յայտնեց, որ Ռուսաստան պատրաստ է հարթակ տրամադրելու Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրման համար։