ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳԻՔՈՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան երկրի խորհրդարանի գլխաւոր ընդդիմադիր խմբակցութեան՝ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդն է։ Վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւնները շրջանառութեան մէջ դրած էին զանազան պնդումներ, ըստ որոնց՝ իշխանութեան գլուխ գտնուած տարիներուն Ռոպերթ Քոչարեան բանակցած էր Մեղրիէն միջանցք տրամադրելու, Մեղրին յանձնելու մասին։ Այս պնդումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին ան հերքեց պնդումները եւ հերթական անգամ քննադատութիւններ հասցէագրեց իշխանութիւններուն։
«Պարտուելէ յետոյ շարժանկարի ոչմիթիզական Ռամպոն դարձաւ աշխարհաքաղաքական Գիքոր», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան՝ քննադատելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։