ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՍՐԲԱՎԱՅՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ երէկ այցելեց Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը։ Դէպի Իսրայէլ առաջին պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս ամերիկացի պետական քարտուղարը այցելեց այս համաքրիստոնէական սրբավայրը, ուր դիմաւորուեցաւ ներկայացուցիչներուն կողմէ այն եկեղեցիներուն, որոնք կը տնօրինեն Սուրբ տեղերը։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբանները դիմաւորեցին Մարքօ Ռուպիոն։ Այսպէս, Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեանի առընթեր, ամերիկացի պետական քարտուղարը ողջունեց Տ. Սամուէլ Ծայրագոյն Վարդապետ Աղոյեան, որ Սուրբ Յարութեան տաճարի նախկին տեսուչն է։

Ներկայ էին նաեւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան ներկայացուցիչները։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2025