ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՓՈՒԼ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ իրադարձութիւնները այս շրջանին դարձեալ գետի նման վարարած են։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կը նկատուի նոր աշխուժութիւն մը՝ մանաւանդ, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպում մը։ Լրահոսին մէջ արձագանգ գտած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս շաբաթավերջին Թուրքիա պիտի այցելէ եւ պիտի հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Հայկական կողմը պաշտօնապէս հաստատած է այդ լուրերը, իսկ թրքական կողմը տակաւին որեւէ հրապարակում չէ կատարած։

Այս համայնապատկերին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար դեսպան Պերրիս Էքինճի երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանը։ Երկու կողմերու պաշտօնական աղբիւներն ալ նոյն լուսանկարը հրապարակեցին այս տեսակցութեան շուրջ՝ հաղորդելով, որ կարծիքներ փոխանակուած են երկկողմանի եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։

Կողմերը թէեւ այլ որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած, սակայն, դժուար չէ հետեւցնել, որ բարձր մակարդակի այս շփումը նախապատրաստական բնոյթ կը կրէ Էրտողան-Փաշինեան ժամադրութեան ընդառաջ։

Այս հերթական գագաթնային շփման ընդառաջ, Երեւանի ղեկավարութենէն երկու յառաջատար դէմքեր վերջին օրերուն յայտարարութիւններ ըրին Անգարայի հետ յարաբերութիւններուն շուրջ։ Անոնք էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։

Փաշինեան Փրակի մէջ կազմակերպուած «GLOBSEC 2025» համաժողովին ժամանակ ըսաւ. «Մենք քանի մը հանդիպում ունեցանք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ եւ անոնք եղած են շինիչ։ Ճիշդ է, գետնի վրայ դեռ շօշափելի արդիւնք չունինք, սակայն, ունինք կարեւոր յառաջընթաց։ Երեք տարի առաջ, օրինակ, եթէ Հայաստան կը փափաքէր Թուրքիոյ դիրքորոշումը պարզել որեւէ հարցի վերաբերեալ, ապա ստիպուած էր դիմել երրորդ երկրի մը միջնորդութեան։ Այսօր, մենք ուղղակի կապ ունինք մեր հարեւաններուն հետ ու նոյնիսկ ամենօրեայ շփում»։

Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ այս գործընթացը կը յանգեցնէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, սահմաններու բացման եւ տնտեսական կապերու ամրապնդման։ Իր խօսքով՝ սա ժամանակի հարց է։

«Սա կապուած է նաեւ տարածաշրջանային լայն տնտեսական օրակարգին հետ։ Բայց, ինչպէս արդէն ըսած եմ, մենք հետեւողականօրէն կ՚ընթանանք կայուն խաղաղութեան հաստատման օրակարգով։ Սա մեր պարտականութիւնն է եւ մենք վճռական ենք անոր հասնելու։ Կը տեսնենք նաեւ Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի փափաքը խաղաղութեան հասնելու։ Ի հարկէ, կան որոշ նրբերանգներ, որոնք պէտք է հասցէագրուին, բայց, վստահ եմ՝ մենք կը կարողանանք այդ բանը ընել», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ Պաքու կը բարձրաձայնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի կառոյցներու լուծարման հարցը եւ, ընդհանուր առմամբ, սա Երեւանի համար ընդունելի օրակարգ մըն է։ «Բայց, մենք պէտք է համոզուած ըլլանք, թէ կը բացառուի այն իրավիճակը, երբ հակամարտութեան էջը կը փակուի Ատրպէյճանի տարածքէն ներս, բայց կը վերածուի Հայաստանի տարածքին դէմ նոր պահանջներու», շարունակեց վարչապետը՝ յիշեցնելով, որ Ատրպէյճանի շրջանակներ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի 60 տոկոսը կ՚անուանեն «Արեւմտեան Ատրպէյճան», ինչ որ տարածքային պահանջ կը համարուի։ Ուստի, Փաշինեան յայտնեց, որ պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրել ու միեւնոյն ժամանակ լուծարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի այդ կառոյցները։ «Կը կարծեմ՝ մենք պէտք է փորձենք այդ ամէնը կեանքի կոչել առնուազն մինչեւ այս տարեվերջ», յայտնեց Փաշինեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025