ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՎԵՐՋՈՅ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷ ՍՏԱՑԱՒ
Ֆրանսայի մէջ նոր կառավարութիւնը ի վերջոյ ստացաւ վստահութեան քուէ։ Վարչապետի իրերայաջորդ փոփոխութիւնները արդէն երկմտութեան տեղ չեն թողուր, թէ երկրէն ներս ներքին քաղաքական տագնապ մը յառաջացած է։ Որքան որ ալ այդ տագնապի բուն նախադրեալները յաղթահարուած չըլլան՝ առայժմ թէժ իրավիճակը մասամբ հարթուած կը համարուի։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ վարչապետ նշանակուած Սեպաստիան Լըքոռնիւ նոր կառավարութեան կազմը ձեւաւորելէ վերջ Ազգային ժողովէն վստահութեան քուէ չէր կրցած առնել։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ յաւելեալ երկխօսութիւն մը սկսած էր քաղաքական ուժերուն միջեւ։ Ի վերջոյ, Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ Սեպաստիան Լըքոռնիւի կառավարութեան։ 2026 թուականի պետական պիւտճէի վաւերացումը հնարաւոր պիտի ըլլայ ապահովել՝ ըստ ընթացակարգի, եթէ անակնկալ մը չպատահի։ Յամենայնդէպս, Ֆրանսայի մէջ ելմտատնտեսական հաւասարակշռութիւնները դարձած են բաւական խոցելի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ դարձած է բարեփոխումներ, որոնք լուրջ զոհողութիւններ կ՚ենթադրեն լայն զանգուածներու համար։ Բնականաբար, այդ բարեփոխումները հասարակական զօրակցութիւն չեն վայելեր։ Այդ բարեփոխումները յետաձգուած են ներկայ պահու դրութեամբ եւ նախատեսուած նոր պիւտճէին մէջ շրջանցուած։