ՊԵՐԼԻՆԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Անգարա-Պերլին առանցքին վրայ այսօր նախատեսուած է բարձր մակարդակի շփում մը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Թուրքիա կ՚այցելէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Տաւիտ Ուատեփուլ։

Միջազգային հրատապ օրակարգի եւ Եւրոպայի թէժ իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ երկու երկիրները կը մնան երկխօսութեան մէջ՝ ձգտելով համագործակցութեան։ Կը նախատեսուի, որ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցն ալ Թուրքիա այցելէ ամսավերջին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2025