Շաբաթ 18, Հոկտեմբեր 2025
ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ
Մոսկուա ի զօրու կը պահէ Երեւանի եւ Պաքուի ուղղեալ իր առաջարկը՝ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրման հարթակ տրամադրելու համար։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը յատուկ նշանակութիւն ունի իր երկրին համար։ Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած են բարձրաստիճան դիւանագէտի ռուսական լրատուամիջոցներուն կատարած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ յիշեցուած է, որ Ռուսաստան արդիւնաւէտ ու նշանակալի դեր ունեցած է Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2025