ԲԱԶՄԱՇԵՐՏ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը։ Քրեմլինի պալատին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հարաւային Կովկասի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Աֆղանիստանի պարագային համագործակցութեան հարցերն ու ոլորտները։ Փութին շեշտեց Սուրիայէ ներս համապարփակ կարգաւորման հարցին ուղղութեամբ Ռուսաստանի յանձնառութիւնը։
Միւս կողմէ, Փեզեշքիանը հիւրընկալելու զուգահեռ՝ Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Անոնք քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան ապագայ խորացման վերաբերեալ հարցեր։ Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն, զրոյցը տեղի ունեցաւ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Ռուսական կողմը տեղեկացուց, որ ի լրումն անցեալ տարուայ դեկտեմբերին տեղի ունեցած Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին՝ կողմերը քննարկեցին համարկման համագործակցութեան ապագայ խորացման շուրջ հրատապ հարցեր՝ առաջին հերթին ուժանիւթի ոլորտէն ներս։ Փաշինեան պարզաբանեց Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու համատեսքին մէջ վերջին քայլերու վերաբերեալ իրավիճակը։ Փութինն ալ տուաւ համապատասխան մեկնաբանութիւններ եւ գնահատականներ։ Ըստ ռուսական կողմին՝ Փաշինեան եւ Փութին արձանագրեցին ԵԱՏՄ-ի շրջանակներէն ներս համատեղ աշխատանքէ զգալի գործնական օգուտները՝ ներառեալ Հայաստանի տնտեսութեան համար։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, հայկական կողմի հաղորդագրութիւնը միայն ընդհանուր բանաձեւումներ բովանդակած է։