ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ՝ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ճիհան Սուլթանօղլուի, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Շփետի եւ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյի հետ։ Ռուսական պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներու հիման վրայ՝ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Անդրկովկասէ ներս կայունութեան ապահովման միջոցները։

Յառաջիկայ մարտին նախատեսուած են՝ Անդրկովկասէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան միջազգային քննարկումները։ Հերթական այս փուլի նախապատրաստման համատեսքէն ներս դիտարկուեցան այդ բանակցային ձեւաչափի մասնակիցներու առջեւ կանգնած առաջնահերթ խնդիրները, որոնք կը վերաբերին ուժի չկիրառման, ինչպէս նաեւ կայուն իրավիճակի պահպանման՝ Վրաստան-Աբխազիա եւ Վրաստան-Հարաւային Օսեթիա սահմանամերձ շրջաններէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ առանձին կարեւորութիւն կ՚ընծայուի պետական սահմաններու յստակեցման՝ սահմանագծման ու սահմանազատման միջոցաւ։

Անդրկովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան միջազգային քննարկումները տեղի կ՚ունենան 2008 թուականէն ի վեր՝ Ժընեւի մէջ, մասնակցութեամբ՝ Աբխազիոյ, Վրաստանի, Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Հարաւային Օսեթիայի՝ նաեւ միջնորդութեամբ՝ ՄԱԿ-ի, Եւրոմիութեան եւ ԵԱՀԿ-ի։ Աշխատանքը աւանդաբար կ՚իրականացուի երկու խումբերով՝ անվտանգութեան եւ մարդասիրական հարցերով։ Ժընեւեան քննարկումները կը մնան երկխօսութեան միակ հարթակը՝ Սուխումի, Թիֆլիզի եւ Ցխինվալի միջեւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2025