ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶՐՈՅՑԻ ՕՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր կ՚ունենան հեռախօսազրոյց մը։ Անցեալ փետրուարի 12-ին անոնց միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութենէն վերջ, սա արդէն նախագահներու երկրորդ շփումը պիտի ըլլայ։ Ընթացքին զանազան մակարդակներու վրայ բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին՝ միշտ հետամուտ Ուքրայնայի հակամարտութեան կասեցման։
Տանըլտ Թրամփ այսօրուան հեռախօսազրոյցին ընդառաջ ըսաւ. «Պէտք է տեսնենք, որ պիտի կարողանա՞նք պատերազմին վերջ տալ կամ ոչ։ Ըստ իս՝ մեր բախտը բաւական բարձր է։ Թէկուզ յաջողինք։ Գուցէ եւ պատերազմը չկարողանանք կասեցնել։ Այս պարագան ալ պէտք է նկատի ունենալ»։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդոմներով, Ռուսաստան այս շրջանին միշտ կը կրկնէ խաղաղութեան համար իր պայմանները, իսկ Ուքրայնա յարաբերաբար աւելի վերապահ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։