ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԲՌՆԿՈՒՄԻՆ ԴԻՄԱՑ

Ռումբերու պայթումները կ՚որոտան Միջին Արեւելքի մէջ՝ տարածաշրջանային ու նոյնիսկ համաշխարհային պատերազմի բռնկման սպառնալիք ստեղծելով։ Իսրայէլ-Իրան գոյամարտը ուղղակի կը խառնէ տեղական ուժերու բարդ աշխարհագրութիւնը։ Իսկ Հայաստանէն դիտուած՝ Իրանը կենսական տնտեսական գործընկեր է եւ հիմնական ճանապարհ դէպի հարաւ, դէպի Հնդկաստան, Չինաստան եւ Ծոցի երկիրներ։

Իրան նաեւ կայունացնող գործօն է՝ մանաւանդ Ատրպէյճանի ռազմատենչ ծրագիրներուն դէմ։ Ուստի, տարածաշրջանային պատերազմի մը բռնկումը պիտի ունենայ անվտանգային, տնտեսական, ռազմավարական, զինուորական, բնապահպանական եւ այլ ծանրակշիռ հետեւանքներ։

Ամենամեծ վտանգը կը մնայ բնապահպանական եւ առողջապահական աղէտ, որ տեղի կրնայ ունենալ, եթէ Իրանի ուրանիումի հարստացման գործարանները ռմբակոծուին՝ հիւլէական ճառագայթներու շողարձակումի հաւանական վտանգին պատճառով։ Միջազգային իրաւունքով արգիլուած պատերազմական գործողութիւն մըն է նման յարձակումը, սակայն, Իրանի դէմ Իսրայէլի միակողմանի պատերազմ հռչակելուն գլխաւոր նպատակն է սա, զոր ան չի կրնար իրականացնել՝ առանց իր դաշնակից ու պաշտպան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օգնութեան ու միջամտութեան։

Ընկերային ցանցերու կարգ մը լուրերու համաձայն՝ Իրանի դէմ անօդաչու սարքեր արձակուած են Ատրպէյճանէն, որ Իսրայէլի ռազմավարական դաշնակիցն է եւ որ ան ունի զինուորական ու ելեկտրոնային վերահսկողութեան կայաններ։ Եթէ այդ լուրերը ճիշդ են, ապա Հայաստանի սահմաններու անվտանգութիւնը եւ պետականութեան կայունութիւնը կրնան տուժել Իրանի հակայարձակման պարագային։ Ատրպէյճան կրնայ օգտագործել պատերազմական իրավիճակը եւ ժամանակը պատեհ դատելով գրաւել Հայաստանի հարաւը՝ Սիւնիքը՝ իրականացնելու համար Նախիջեւանին միանալու իր երազանքը։

Հայաստանի համար Իրանի սահմանը կենսական է՝ Հնդկաստանէն գնուած զինամթերքի փոխադրութեան համար։ Չինաստանի, Ծոցի երկիրներու հետ առեւտրական գործունէութիւն ծաւալելու կենսական ուղի է։ Իրանի եւ Հայաստանի մտադրութիւնը միասնաբար տարեկան 3 միլիառ եւրոյի տնտեսական շրջանառութեան հասնիլն է։

Տարածաշրջանային անկայունութիւնը ուղղակի կը սպառնայ Հայաստանի կենսական շահերուն. կ՚առաջնորդէ հաղորդակցութեան ուղիներու խափանման եւ երկրի կառավարութեան ինքնիշխանութեան կորուստին. ուժանիւթի Իրանի աղբիւրէն զրկուիլ կը նշանակէ ստիպուած ապաւինիլ միայն Ռուսաստանի կազին ու քարիւղին, ինչ որ երկիրը ա՛լ աւելի կախեալ կը դարձնէ Ռուսաստանէն։

Տարածաշրջանային անկայունութիւնը կը վտանգէ նաեւ 2020-ի պատերազմէն ետք Հայաստանի մշակած նոր ռազմավարութիւնը, որ կը միտի Արեւմուտքի, Իրանի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ աշխարհի մնացեալ երկիրներուն հետ հաւասարակշռեալ գործընկերութիւն հաստատելու ու ազատ տնտեսական դաշինքներ կնքելու՝ ապահովելու համար կայուն տնտեսական աճ մը, որուն գլխաւոր շարժիչն է արհեստագիտութեան, տեղեկատուութեան, թուային գիտութեան, արհեստական բանականութեան զարգացումը։ Միայն կայուն եւ բարգաւաճ Հայաստանը կրնայ ի վիճակի ըլլալ դիմակայելու աշխարհաքաղաքական ցնցումները՝ ռազմավարական գործընկերութիւններու բազմացման ու բազմազանացման շնորհիւ։

Իսրայէլ-Իրան պատերազմը ցոյց կու տայ արդի աշխարհին մէջ նորարարութեան, նորարար արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան գործածութեան հետզհետէ աւելի մեծ կարեւորութիւնը՝ թէ՛ պատերազմ մղելու, թէ՛ ալ նոր զինատեսակներ արտադրելու առումով։ Արդարեւ, Հայաստան յայտարարեց շատ կարեւոր համաձայնութիւն մը՝ արհեստական բանականութեան «Firebird» ամպային ընկերութեան եւ NVIDIA-ի աջակցութեամբ՝ 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ արհեստական բանականութեան գործատան մը կառուցման մասին։ Սա կը հանդիսանայ տարածաշրջանի ամենամեծ նորարարական ճարտարագիտական նախագիծը։

Պէտք է ըսել, որ Իսրայէլ-Իրան բախումը ուղղակի կը սպառնայ նաեւ սփիւռքին։ Իրանի եւ Իսրայէլի հայկական համայնքներու անդամները, ինչպէս նաեւ անոնց անձնական ու համայնքային ունեցուածքները մշտապէս վտանգի ենթակայ են։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Չորեքշաբթի, Յունիս 18, 2025