ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ

Կիպրոսի հիմնախնդիրը այս օրերուն վերստին խոշորացոյցի տակ է Նիւ Եորքի մօտ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հովանաւորութեան տակ կազմակերպուած քննարկումներով։ Այսպէս, Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար եւ Յունական Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտիս մէկտեղուած են՝ ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Երափեթրիտիսի, որոնց միացած է նաեւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի գծով պետական նախարար Սթեֆան Տոութի։ Սա անպաշտօն հաւաք մըն է, որ կազմակերպուեցաւ ՄԱԿ-ի կեդրոնէն ներս։ Բացման փուլը բնորոշեց Անթոնիօ Կութերեսի կողմէ սարքուած պաշտօնական ընթրիքը։ Նախապէս Ժընեւի մէջ կազմակերպուած էր նման ձեւաչափով շփում մը եւ այս մէկը երկրորդն է իր նմաններու շարքին։

Քննարկումներու առանցքին էին կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցները։ Հաքան Ֆիտան այս հարթութեան վրայ ընդգծեց, որ Թուրքիա կը ձգտի հարթել Եւրոմիութեան հետ երկարատեւ խնդիրները։ Իր կարգին, Նիքոս Խրիստոտուլիտիս ուշադրութիւն հրաւիրեց այս մօտեցման վրայ՝ ընդգծելով, որ Կիպրոսի հիմնախնդրի պարագային առնուելիք հաւանական քայլերը դրական ազդեցութիւն պիտի գործեն Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններուն վրայ։

Թուրքիա եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւնը կը ձգտին հիմնախնդիրը կարգաւորել՝ երկու պետութեան ձեւաւորման սկզբունքի հիման վրայ։ Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի դիրքորոշումը կը նախատեսէ կղզիի վրայ դաշնակցութեան մը ստեղծումը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Անթոնիօ Կութերես նշեց, որ բանակցութիւնները անցած են դրական մթնոլորտի մը մէջ։ Իր խօսքով՝ քայլ առ քայլ կը յառաջանան կողմերու միջեւ վստահութեան կառուցման համար։ Ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ պաշտօնի կոչուած օրէն ի վեր հաւատարիմ մնացած է՝ Կիպրոսի եւ կիպրացիներու անվտանգութեան ու բարգաւաճման նպատակներուն։

Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան Նիւ Եորքի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Կութերեսի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ չհրապարակեցին այս զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 18, 2025