ՄԵԾ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ

Մեծ քաո՞ս, թէ արիւնալի իշխանափոխութիւն. Իրանը դէպի ո՞ւր։ 

Տարեվերջին Իրանի մէջ սկիզբ առին բողոքի գործողութիւններ, որոնց պատճառը բազմաբնոյթ հարցերու կուտակումն էր։

Նմանատիպ տասնեակ, կամ գուցէ աւելի, բողոքի ալիքներու ականատես եղած է Իրանը, որ զարմանալիօրէն ամէն անգամ կարողացած է զսպել ներքին կիրքերը եւ աշխարհին ալ ծանուցել, որ այս անգամ եւս յաղթեցինք օտար ուժերուն, որոնք կը փորձեն երկիրը տակնուվրայ ընել։

Տնտեսական բարդ պայմաններ, քաղաքական մեծ ճնշումներ, կղզիացած երկիր եւ արտաքին աշխարհէն շատ առումներով անջատուած կրօնական իշխանապետութիւն։ Ահա՛, քանի մը հիմնական պատճառներ, որոնք մեծ հաշուով պատճառ կը հանդիսանան, որ Իրանի ժողովուրդը փորձէ զարթնուլ իր առերեւոյթ թմբիրէն ու խաղի կանոնները փոխել փորձելով հասնիլ ամենակարեւորին՝ երաշխաւորուած ու անվտանգ ազատութեան։ Ի հարկէ, բաւական բարդ է Իրանի նիւթը։ Բարդ են անոր ներքին քաղաքական շերտերը՝ ազգաբնակչութեան բաժանումները, անցեալէն եկած ոխերն ու քէները, նաեւ ասոնց վրայ պէտք է անպայման բարդել Իսրայէլ-Իրան բաց հակամարտութիւնը, որուն աչքառու մէկ ռաուընտը տեղի ունեցաւ ամիսներ առաջ ու ցնցեց ամբողջ տարածաշրջանը։

Այս բոլորին զուգահեռ պէտք չէ մոռնալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որ Իրանի այս խաղին մէջ մշտական ներկայութիւն եւ որոշադրող ուժ կը հանդիսանայ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի համար իր իշխանութեան եկած առաջին օրէն (նաեւ անցեալ շրջանին) Իրանը կը հանդիսանայ իրական աղբիւր մը ամբոխավարական նկրտումներու, նաեւ իրական աղբիւր իշխանական մեծ պայքարի։ Այս բոլորի կողքին Իրանը կը շարունակէ մնալ կարեւոր երկիր մը Կովկասի տարածաշրջանին մէջ։ Իբր այդ, հակառակ ներկայ թոյլ դիրքերուն, Իրան շնորհիւ իր ներքին ուժին (որն այսօր առաջուանը չէ անշուշտ), կարողացած է կամք եւ դիւանագիտական մօտեցում թելադրող ուժ մը հանդիսանալ։

Անշուշտ, բարդը, չըսելու համար բարդագոյնը այն է, որ ի՞նչ ելքով պիտի աւարտին ներկայ խռովութիւններն ու բողոքները, որոնց մասին վերլուծաբաններ սկսած են համոզուիլ ու շեշտել, որ այս անգամուայ ցոյցերը տարբեր են, կա՛մ իրադարձութիւնները շատ լուրջ ու խրթին են։ Այս համայնապատկերին վրայ, անշուշտ, Հայաստանի համար նոյնպէս Իրանի խնդիրը կը հանդիսանայ կարեւոր ու բանալի հիմնահարց մը, հաշուի առնելով այդ երկրի բարեկամական եւ բարիդրացիական դրսեւորումները հանդէպ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին։

Բաց աստի, բողոքի հաւաքներէն, ցոյցերէն եւ խռովութիւններէն գրեթէ երեք շաբաթ անց, տակաւին յայտնի չէ, թէ Իրանի դէպքերը ի՛նչ զարգացում կրնան ունենալ՝ մա՛նաւանդ, որ թէ՛ ցանցային կապը, թէ՛ տեղեկատուութեան աղօտութիւնը եւ թէ զոհերու իրական թիւերը ներկայացնելու բացակայութիւնը կը յուշեն, որ Իրանի մէջ կը հասուննայ նոր իրականութիւն մը, որ հեռու չէ համատարած քաոսի վերածուելու վտանգաւոր դրութենէն։

Իրանի զարգացումներուն մասին կայ քանի մը հնարաւոր բեմագրութիւն։ Այսպէս, Իրանի մէջ ծագած բողոքի ալիքը պիտի բոլորէ իր երրորդ շաբաթը։ Իրան պիտի բոլորէ իսլամական հանրապետութեան 47-րդ տարին, որու ընթացքին առաջին անգամն է, որ նման ցոյցերու եւ ներքին լարուածութեան թատերաբեմը կը դառնայ։ 

2012 թուականի փետրուարի պաշտօնական տօնակատարութիւններուն ընթացքին (տրուած ըլլալով, որ Իրան փետրուարին կը նշէ յեղափոխութեան տարեդարձը) կազմակերպիչները օգտագործեցին յեղափոխութեան հիմնադիր Այեթուլլահ Խումէյնիի մեծադիր մէկ լուսանկարը՝ սոսնձուած խաւաքարտի մը վրայ։ Այդ պատկերները, որոնք յետագային տարածուեցան երկրի լրատուամիջոցներուն մէջ, լայնածաւալ ծաղրի ալիք մը յառաջացուցին ընկերային ցանցերու վրայ։ Բազմաթիւ իրանցիներ այդ խաւաքարտէ արձանը նկատեցին իբրեւ յարմար փոխաբերութիւն մը՝ իսլամական յեղափոխութեան ներկայ տկարացած վիճակին համար․ համակարգ մը, որ ներսէն կարծէք դատարկ է, փխրուն ու ճաքճքուած։

Տասնչորս տարի անց, սպասելի է, որ այս տարի տարեդարձը նշուի տարբեր մթնոլորտի մը մէջ, ուր իրանցի երիտասարդներ կ՚այրեն գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամանէյի լուսանկարները։

Այս բոլորը, սակայն, չեն նշանակեր, որ Իրանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւնը մօտալուտ է։ Նոյնիսկ համատարած եւ բռնի բողոքներու ու անոնց դէմ ելած իշխանական օղակներու բաւական բուռն արձագանգներուն, տակաւին վաղ է խօսիլ համաժողովրդական բողոքի շարժումի մը մասին։ Մինչեւ այսօր ալ չկան ցուցանիշներ՝ կենսական տնտեսական վճռորոշ հիմնարկներու բողոքի ալիքներուն միանալու մասին։ Այդ ոլորտներէն կը համարուին նաւթագործները, որոնց կարողութիւնը իրական ներուժը ունի կաթուածահար ընելու տնտեսութեան առանցքային համակարգերը, նաեւ անոնք անցեալին վճռորոշ դեր խաղացած էին շահի վարչակարգի տապալման ընթացքին։

Բաց աստի, բողոքները «կը տառապին» յստակ ղեկավարութեան բացակայութենէն։ Թէեւ այս փուլին այդ կրնայ ըլլալ մարտավարական առաւելութիւն մը, որովհետեւ կը դժուարացնէ համակարգին համար շարժումը ջախջախելը՝ յատուկ առաջնորդներ թիրախաւորելով, սակայն, ղեկավարութեան եւ համակարգման պակասը կրնայ յետագային խոչընդոտել կենսունակ քաղաքական այլընտրանքի ձեւաւորումը, եթէ ճգնաժամը մտնէ աւելի վճռորոշ փուլեր։

Աւելին, համակարգի փլուզման համար վճռորոշ պայման մը տակաւին չէ ձեւաւորուած․ իշխող վերնախաւի ներսի ճեղքումներ, յատկապէս ուժային եւ անվտանգային կառոյցներուն մէջ՝ «Յեղափոխական պահակագունդ», «Պասիճ» աշխարհազօր եւ ներքին անվտանգութեան ուժեր։ Մինչեւ այսօր, քաղաքական ղեկավարութիւնը կը թուի համախմբուած եւ վճռական, առնուազն՝ երեւոյթով, առանց պառակտումներու, հրամաններու չկատարումի կամ ուժային մարմիններու կողմէ պարտականութիւններէ հրաժարումի նշոյլներու։

Տակաւին կանուխ է խօսիլ կազմակերպուած դաշինքի մը մասին, որ կը միաւորէ հասարակական եւ տնտեսական զանազան խաւեր։

Այս հիմամբ կը թուի, որ համակարգը անկարող է ամբողջովին կասեցնել բողոքները, սակայն, նոյնքան անորոշ է՝ արդեօք բողոքարարները ունի՞ն համակարգի հիմքերը տապալելու կարողութիւնը կամ ոչ։

Այս համայնապատկերին վրայ Իրան կը թուի սահիլ դէպի «երկարաձգուած յեղափոխական վիճակ» մը, որ կրնայ տեւել եւ զարգանալ քանի մը հիմնական ուղիներով։

Առաջինը՝ պետութեան կողմէ կայուն եւ արդիւնաւէտ ճնշումի ուղին է, որ կրնայ յաջողիլ ժամանակաւորապէս զսպել անկայունութիւնը։ Վարչակարգի տեսանկիւնէն այս տարբերակը ամենէն նախընտրելին է։ Սակայն, ուժի շարունակական գործադրումը ժամանակի ընթացքին կրնայ մեծցնել յուսախաբութիւնն ու զայրոյթը, նաեւ կը բարձրացնէ ԱՄՆ-ի միջամտութեան սպառնալիքը։ Նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը յաջողի մարել ներկայ ալիքը՝ սպասելի է, որ քաղաքացիական անհնազանդութեան ձեւերը կրկին ի յայտ գան, յանգեցնելով նոր անկայունութեան փուլերու, որովհետեւ վարչակարգը գրեթէ որեւէ կարողութիւն չի ցուցաբերեր հանրային հիմնական պահանջներուն պատասխանելու։

Երկրորդ ուղին՝ բողոքներու շարունակական տարածում եւ սրացում, զուգահեռաբար վարչակարգի վերահսկողութեան կարողութեան նահանջ, ինչ որ կրնայ լուրջ սպառնալիք կազմել անոր կայունութեան համար, նոյնիսկ զայն տանիլ դէպի ամբողջական փլուզում։ Թէեւ այս յեղափոխական արդիւնքը կրնայ համընկնիլ որոշ յուսահատ քաղաքացիներու յոյսերուն, սակայն, ուրիշներ Իրանի մէջ կը վախնան, որ անիկա կրնայ դուռ բանալ քաղաքական քաոսի։ Այս վախը կը հիմնուի այն հնարաւորութեան վրայ, որ ներքին կամ արտաքին ծայրայեղ ուժեր օգտուին անկայունութենէն՝ պարտադրելու նոր քաղաքական կարգ մը, որ չ՚արտացոլեր ժողովուրդին կամքը, եւ որ կրնայ յանգեցնել երկրի մասնատման ու տարածքային ամբողջականութեան վտանգման։

Երրորդ ուղին՝ Իրանի ղեկավարութեան կամ անոր մէկ հատուածի գիտակցումը, որ այլեւս անկարող են ճգնաժամը զսպելու։ Այս գիտակցումը կրնայ առաջնորդել երկու բոլորովին տարբեր հետեւանքներու։

Առաջինը՝ խոշոր քաղաքական շրջադարձ մը. ինչպէս՝ կորիզային թղթածրարին մէջ ամերիկեան պահանջներուն ընդունումը՝ պատժամիջոցներու վերացումի եւ տնտեսութեան բարելաւման փոխարէն։ Սակայն, այս թատերգութիւնը առայժմ չափազանց անհաւանական կը թուի, քանի որ Խամանէյ կը շարունակէ կառչիլ իր դիրքորոշումէն եւ կը կրկնէ, որ Իրան մէկ սանթիմեթր անգամ պիտի չնահանջէ իր սկզբունքներէն։

Երկրորդը՝ իշխանութեան զաւթում մը քաղաքական-զինուորական վերնախաւի ներսէն։ Ծայրայեղ բեմագրութեան մը. «Յեղափոխական պահակագունդ»ի որոշ թեւեր, որոնք միաձոյլ ու միատարր մարմին չեն, կրնան փորձել հեռացնել գերագոյն առաջնորդը՝ անոր համաձայնութեամբ կամ առանց համաձայնութեան, եւ հաստատել ժամանակաւոր կամ մշտական զինուորական իշխանութիւն մը՝ պետութիւնը եւ իրենց հիմնարկային շահերը պաշտպանելու համար։ Այսպիսի քայլ մը չ՚երաշխաւորեր ներքին կայունութիւնը եւ պարտադիր կերպով չի նշանակեր անցում մը՝ դէպի ժողովրդավարութիւն կամ արեւմտամէտ կառավարութիւն։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 19, 2026