ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ԹՈՔԱԲՈՐԲ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի առողջական վիճակը այս շրջանին լրջօրէն վատթարացած է։ Ան քանի մը օրէ ի վեր հիւանդանոց փոխադրուած է, ուր մասնագէտներու հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Բժիշկները տեղեկացուցած են, որ Սրբազան Պապի պարագային նախատեսուած դարմանումը փոփոխութեան ենթարկուած է եւ անոր կը մատակարարուին յաւելեալ դեղեր։
Վատիկանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ 88-ամեայ քահանայապետի առողջական վիճակը միշտ կը մնայ բարդ։ Միջազգային լրահոսին մէջ կը հաղորդուի, որ Սուրբ Աթոռէն հասած լուրերը կը խորացնեն Սրբազան Քահանայապետի առողջական վիճակին վերաբերեալ մտահոգութիւնները։ Ըստ վերջին հաղորդումներուն՝ Սրբազան Պապը երկկողմանի թոքաբորբէ կը տառապի։ Յառաջիկայ շաբթուան իր բոլոր ծրագիրները այժմէն արդէն ջնջուած են։