ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի ապարանքին մէջ տեղի ունեցած զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան տեղեկացուց, որ քննարկուած են Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կանգ առած են նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրներու վրայ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2025