ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Կիպրական հիմնախնդրին շուրջ, Ժընեւի մէջ, վերջին օրերուն տեղի ունեցան ընդլայնուած կազմով անպաշտօն ժողովներ, որոնց արդիւնքով որոշուեցաւ յառաջիկայ յուլիսին նոր ժամադրութիւն մը կազմակերպել։ «5+1» ձեւաչափով կազմակերպուած այս շփումը համախմբեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսը, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Երափեթրիտիսը, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթարը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Խրիստոտուլիսը։ Գործընթացի միւս երաշխաւոր երկիրը՝ Անգլիան ներկայացուեցաւ՝ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի գծով նախարար Սթեֆան Տոութիի կողմէ։ Եւրոպական Միութիւնն ալ դէտ մը ուղարկեց Ժընեւի քննարկումներուն։ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցան նաեւ շարք մը երկկողմանի շփումներ՝ ներառեալ Ֆիտանի եւ Կութերեսի միջեւ զրոյց մը։
Թէեւ կողմերու խոր տարակարծութիւնները թողեցին իրենց հետքը այս բանակցութիւններուն վրայ, սակայն, փոխադարձ վստահութիւնը խրախուսելու ուղղեալ կարգ մը նախաձեռնութիւններու շուրջ գոյացաւ համաձայնութիւն։
Կղզիի թրքական եւ յունական հատուածներուն միջեւ պիտի հաստատուի չորս նոր անցակէտ։ Սահմանամերձ գօտիէն պիտի մաքրուին ականները, գերեզմանատուները պիտի նորոգուին, բնապահպանութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ քայլեր պիտի առնուին՝ մանաւանդ ՄԱԿ-ի վերահսկողութեան ներքեւ միջանկեալ գօտիէն ներս արեւային ուժանիւթի վահանակներու տեղակայման համար կոմիտէներ պիտի ստեղծուին։
Ժընեւի հանդիպման աւարտին Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ կողմերը պատրաստակամ են 2017 թուականին ընդհատուած պաշտօնական բանակցութիւններէն վերջ շփումները շարունակելու։ Ի լրումն այս բոլորին, ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ կողմերու համաձայնութեան պարագային կրնայ անձնական ներկայացուցիչ մը նշանակել գործընթացի շարունակութեան համար։ Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնին՝ Ազգերու պալատի երդիքին տակ ընդհանուր քարտուղարը բոլոր կողմերուն հետ շփուեցաւ առանձին, նաեւ մէկտեղեց զանոնք։