ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ ԱՐՇԱՒ
Կարծէք Հայաստանի ու հայութեան հիմնահարցերը քիչ էին ու չէին բաւեր, այդ բոլորին վրայ աւելցաւ իշխանութիւն-եկեղեցի պայքար մը, որու ժխտական իմաստով դրօշակիրը դարձաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Ներքին պայքարի բոլոր տհաճ ու բարոյական կարմիր գիծերը հատած եւ վարչապետի կողմէ կատարուած գրառումները աւելիով բեւեռացուցին՝ առանց այդ ալ բաւական լարուած հասարակութեան վիճակը։ Այս ամբողջին մէջ տխուր է, որ բոլորը շատ լաւ կը գիտակցի, թէ ցարդ պատահածներն ու մօտաւոր ապագային նախատեսուածները որեւէ կերպով յաղթանակ մը պիտի չնուիրեն կողմերէն որեւէ մէկուն։ Այս պայքարը պարտուողներու պայքար մըն է՝ անկախ արդիւնքներէն կամ հետեւանքներէն, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ մարդու համար, կրօնական կամ աշխարհական, եկեղեցին կը համարուի սրբութիւն սրբոց։
Եկեղեցւոյ խնդիրներուն մասին շատ խօսուած է եւ խնդիրներ ունենալու երեւոյթը կը վերաբերի ո՛չ միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, այլ բոլոր հոգեւոր հաստատութիւններուն։ Ու, բնականաբար, եկեղեցւոյ ներքին խնդիրները, բացթողումները կամ նոյնիսկ թերացումները անկարելի է, որ սրբագրուին նման գրոհներով կամ խօսքերով, որոնք պախարակելի կը համարուին։
Այս բոլորը հաստատելէ ետք, յստակ է, անշուշտ, որ այս պայքարին մէջ կան քաղաքական նուրբ երանգներ եւ բաղկացուցիչներ, որոնք, բնականաբար, պիտի շահագործուին իշխանութեանց կողմէ։ Անհատական նախասիրութիւններու հարց, քաղաքական մօտեցումի կամ արեւելումի նրբագոյն վիճակ ու ասոնց կողքին ալ անցեալ տարի ընթացք առած փողոցային սուր պայքարը, որու գլխուն էր Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան, որ այժմ սառեցուած է հոգեւորականի դերը։ Այս բոլորը ահա այնպիսի տուեալներ ու պատրուակներ հանդիսացան, որ Փաշինեան անձամբ իջնէ հրապարակ ու ասպարէզ կարդայ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ։ Թէ ի՞նչ տեղի կրնայ ունենալ մօտաւոր ապագային, ոչ ոք կրնայ կռահել, բայց եւ այնպէս, բոլորին համար պարզ ու յստակ է, որ խոցելին ո՛չ թէ եկեղեցին է, այլ մենք ենք՝ թէ՛ իբրեւ հասարակութիւն, թէ՛ իբրեւ երկիր եւ թէ իբրեւ ազգ-պետութիւն։
Այս խօլ պայքարը որեւէ մէկ տեղ պիտի չտանի, որեւէ դրական արդիւնքի պիտի չյանգեցնէ, այլ աւելիով պիտի ջլատէ հայութեան ներքին կարողականութիւնը, ներքին ուժն ու դիմադրողականութիւնը։ Անշուշտ, հարկ է նշել, որ այս պայքարը կը կատարուի նաեւ՝ որպէս նախապատրաստութիւն յաջորդ տարի նախատեսուած ընտրութիւններուն։ Այս առումով աւելի յստակ պատկերացումներ կազմելու համար կարծիքը շօշափեցինք վերլուծաբան-քաղաքագէտ Ստեփան Դանիէլեանին։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնը կ՚ուզէ իրեն ենթակայ կաթողիկոս մը նշանակել։ Այսպէս, գործող կառավարութիւնը կը ցանկայ գահընկէց ընել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, սակայն, այս դէպքերէն ետք եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը աւելիով բարձրացած է։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ստեփան Դանիէլեանի խորհրդածութիւններուն սղագրութիւնը։
*
-Ինչքանո՞վ լուրջ է խորհրդարանի մէջ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու համար սկսած պայքարը։
-Եթէ մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութեան մէջ պառակտում չըլլայ, ապա կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հնարաւորութիւն գոյութիւն չունի, նոյնիսկ նման գործընթացի մը սկսելու համար անհրաժեշտ ձայները չկան: Այդ խօսոյթը սկսած անձինք, ակնյայտօրէն, այլ խնդիրներ կը փորձեն լուծել, գուցէ վարչապետի թեկնածուի մը համար հանրային կարծիք ձեւաւորել: Յամենայնդէպս, հանրութիւնն ու քաղաքական ուժերու մեծամասնութիւնը կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու գործընթացին թերահաւատութեամբ կը մօտենան, որեւէ ոգեւորութիւն կամ աշխուժութիւն այս առումով գոյութիւն չունի:
-Ինչպէ՞ս կրնան ընթանալ 2026-ի ընտրութիւնները։
-ՔՊ-ի համար իշխանութեան վերարտադրութիւնը «մահ ու կենաց» խնդիր է, որովհետեւ եթէ իշխանութիւնը կորսնցնէ, ապա, պէտք է պատասխանէ բազմաթիւ հարցումներու, որոնք կրնան քրէական հետապնդման պատճառ դառնալ: Ուստի, ան հիմակուընէ սկսած է նախընտրական քայլերու նախաձեռնել։ Այն քաղաքական միաւորները, որոնք կը յաւակնին մաս կազմել ապագայ խորհրդարանին, նոյնպէս արդէն սկսած են իրենց նախընտրական գործունէութեան: Կառավարութեան դէմ անվստահութիւն յայտնելու գործընթացն ալ այս նոյն տրամաբանութեան մէջ պէտք է դիտարկել:
-Այժմու քաղաքական իրավիճակի հունով ո՞ր քաղաքական ուժերը պիտի կարողանան հասնիլ խորհրդարան։
-Որեւէ քաղաքական ուժ այսօր, գուցէ նաեւ 2026 թուականին առանձին կառավարութիւն մը չի կրնար կազմել. կրնայ ըլլալ դաշինքով: Այս պատճառով գործող իշխանութիւնը կը փորձէ գործընկեր կուսակցութիւններ ձեւաւորել, նոյն գործընթացը կ՚ընթանայ ընդդիմութեան պարագային։ Մենք ունինք Երեւանի եւ Կիւմրիի քաղաքապետական ընտրութիւններու փորձառութիւնը, երբ իշխանութեան հարցը լուծուած է դաշինքներու միջոցաւ։ Նոյնը պիտի ըլլայ ապագայ խորհրդարանին մէջ:
-Այս բոլորէն անդին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը ի՞նչ ճակատագիր կրնայ ունենալ։ Նոր պատերազմի մը վտանգը կը տեսնէ՞ք։
-Բնականաբար, պատերազմի հաւանականութիւն կայ, սակայն, պատերազմը կրնայ սկսիլ միայն աշխարհաքաղաքական խաղացողներու որոշմամբ՝ ինչպէս եղած էր 2020-ին: Որքանով Արեւմուտք-Ռուսաստան կամ Արեւմուտք-Հարաւ հակամարտութիւնը խորանայ, այնքանով մեծ է պատերազմի վտանգը: Մէկ խօսքով, Ատրպէյճան առանձին պատերազմի սկսելու որոշում չի կրնար առնել: Սիւնիքի հարցը համաշխարհային աշխարհաքաղաքական դասաւորութեան հարց մըն է եւ պատահական չէ, որ համաշխարհային դերակատարները ներգրաւուած են այդ գործընթացին մէջ: Պատահական չէ, որ Սիւնիքի մէջ կը բացուին տարբեր երկիրներու հիւպատոսարաններ:
-Ոմանք կը կարծեն, թէ Ատրպէյճանի պատերազմական ախորժակը կը զսպուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ։ Ճիշդ կը համարհէ՞ք։
-Սա կրնայ մասամբ ճիշդ ըլլալ: Պատերազմը զսպող հիմնական երկիրը Իրանն էր, բայց, տեսնենք այժմու պատերազմէն վերջ ի՞նչ կ՚ըլլայ։ Բնականաբար, ԱՄՆ, Ռուսաստան, Եւրոպական Միութիւնը, Անգլիան նոյնպէս ներգրաւուած են տարածաշրջանին մէջ. այլ հարց թէ ո՞վ, ի՞նչ խնդիր կը փորձէ լուծել:
-Վերջին շաբաթներուն, իշխանութիւն-եկեղեցի տարաձայնութիւնները վերածուեցան իշխանութեան կողմէ եկեղեցւոյ դէմ մեղադրական արշաւի։ Ի՞նչ կ՚ըսէք պատճառներու մասին։
-Այդ արշաւը սկսած է 2018 թուականին ու կը շարունակուի: Գործող կառավարութեան խնդիրն է վերահսկողութեան տակ առնել եկեղեցին ու սփիւռքի կառոյցները, որոնցմէ ան վտանգ կը տեսնէ, որովհետեւ թէ՛ եկեղեցին եւ թէ սփիւռքեան կառոյցները ազգային արժեհամակարգի վրայ յենուած են, իսկ գործող կառավարութիւնը զանոնք կը կործանէ: Մասնաւորապէս՝ եկեղեցին ու կառավարութիւնը գաղափարական հակառակորդներ են:
-Հայց. Եկեղեցին կամ այս պարագային Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը բաւարար ուժ ունի՞ն այս փուլէն առանց մեծ վնասներու դուրս գալու համար։ Ի՞նչ հաւանականութիւններ կը տեսնէք։
-Որքան կը գահավիժի կառավարութեան հեղինակութիւնը, այնքան կը բարձրանայ եկեղեցւոյ հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը: Հանրային կարծիքն ու քաղաքական կազմակերպութիւնները կը կանգնին եկեղեցւոյ կողքին: Հանրութեան վերաբերմունքը եկեղեցւոյ ուժն է: Գործող կառավարութիւնը կը ցանկայ գահընկէց ընել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ իրեն ենթակայ կաթողիկոս մը նշանակել: Վստահ եմ, թէ պիտի չյաջողի:
-Եկեղեցւոյ դէմ իշխանութեան արշաւին հանդէպ կայ համընդհանուր անտարբերութիւն։ Ի՞նչ կ՚ըսէք։
-Համաձայն չեմ, հանրութեան զգալի հատուածը անտարբեր չէ եւ պատրաստ է գործողութիւններու ի պաշտպանութիւն եկեղեցւոյ: Այս առումով հանրութիւնը անտարբեր չէ:
-Ներկայ դրութեամբ Բագրատ սրբազան քաղաքական նոր իրավիճակ մը ստեղծելու բաւարար ներուժ ունի՞, թէ իր «գնացքը արդէն գացած է»։
-Բագրատ սրբազան քաղաքական անձնաւորութիւն մը չէ, ան հոգեւորական է։ Որպէս քաղաքական դերակատար՝ հոգեւորականէ մը մեծ սպասելիքներ պէտք չէ ունենալ։ Այլ բան, որ եկեղեցւոյ ու հոգեւորականներու խօսքը կրնայ ուժեղացնել ընդդիմութիւնը: Եկեղեցին քաղաքական դաշտին վրայ գաղափարական առումով պէտք է գործընկեր ունենայ: Առանց քաղաքական գործընկերներու՝ եկեղեցիէն արդիւնաւէտութիւն պէտք չէ սպասել:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան