ՔԱՂԱՔԱՄԱՅՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՍՐՏԻՆ ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ եւ Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուր արդէն Երեւանի կեդրոնին դարձաւ մշտական ներկայութիւն։ Երէկ, քաղաքամայր Երեւանի մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի արձանին, որ կը կոչուի «Լա Պոհեմ» եւ որ կանգնեցուած է համանուն հրապարակին վրայ։

Շարլ Ազնաւուր այնպիսի վիթխարի ժառանգութիւն մը թողած է, որ ժամանակներու մէջ, սերունդէ սերունդ կ՚արժեւորուի եւ ներշնչման առիթ կը դառնայ։ Իր կենդանութեան առասպել դարձած մեծանուն երգիչը թէ՛ աշխարհի եւ թէ հայ գեղարուեստասէրներու, երաժշտասէրներու մտքին եւ սրտին մէջ արդէն մշտական ներկայութիւն է։ Ի լրումն այս բոլորին, իր արձանը խորհրդանշական, ֆիզիքական մշտական ներկայութիւն մը դարձաւ Երեւանի սրտին վրայ, ուր երէկ հոծ բազմութիւն մը համախմբուած էր՝ ականատեսը դառնալու համար արձանի պաշտօնական բացման արարողութեան։

Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ կանգնեցուած է այս արձանը՝ Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին, Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճի յարած տարածքին վրայ։ Արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի եւ մեծանուն երգիչի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուր, որ իր հօրը յիշատակին ստեղծուած համանուն հիմնադրամի ղեկավարն է։

Քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Շարլ Ազնաւուրի արձանին կանգնեցուած հրապարակը արդէն կը վերածուի յիշողութեան վայրի մը։

  

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025