ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Անգարայի ղեկավարութիւնը հիւընկալեց Քիեւէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։ Այսպէս, Ուքրայնայի ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռիւստէմ Ումերով ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընի կողմէ։ Թուրքիա առաջին իսկ օրէն մեծ ջանք կը գործադրէ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղութեամբ։ Ումերովի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ այն շրջանին, երբ Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ խտացած է պատերազմին վերջ տալու ուղղեալ աշխատանքը։

Անգարայի մէջ Ումերով թէ՛ Ֆիտանի եւ թէ Քալընի հետ շօշափեց բանակցային գործընթացի այժմու կացութիւնը եւ ապագայ հաւանական քայլերու համակարգման մանրամասնութիւնները։ «Թուրքիա Ուքրայնայի կարեւոր գործընկերներէն մին է եւ երկխօսութեան համար առանցքային հարթակներու շարքին տեղ կը գրաւէ։ Սերտ համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ կը շարունակենք մեր աշխատանքները», յայտնեց Ումերով՝ աւելցնելով, որ բանակցութիւններու մասին պիտի իրազեկէ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։

Իպրահիմ Քալընի հետ տեսակցութենէն վերջ, Ումերով ընդգծեց, որ անվտանգային կացութեան վերաբերեալ կողմերը բաժնած են իրենց արժեւորումները, նաեւ կանգ առած են հաւանական բեմագրութիւններու, բանակցային գործընթացի ազդակներուն եւ տարածաշրջանի ընդհանուր կացութեան վրայ։ «Այժմու համագործակցութեան ձեւաչափերուն մէջ կը շարունակենք մեր սիստեմաթիք աշխատանքը», եզրափակեց Ուքրայնայի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։

Ուրբաթ, Յունուար 2, 2026