ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԸՆԴՀԱՏՈՒՄԷ ՎԵՐՋ ՇՓՈՒՄ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա միջազգային լրահոսի մէջ լայն արձագանգ ստեղծեց՝ քանի բաւական երկար ժամանակէ ի վեր անոնց միջեւ ուղիղ շփում մը տեղի չէ ունեցած։

Մաքրոն եւ Փութին կանգ առին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակին վրայ։ Անոնք շօշափեցին Իսրայէլ-Իրան պատերազմը՝ ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի հիւլէակայաններուն տրուած հարուածը։ Մաքրոն եւ Փութին համոզուած են, թէ Ռուսաստան եւ Ֆրանսա յատուկ պատասխանատուութիւն կը կրեն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ՝ ըլլալով ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ երկիրներ։

Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Վլատիմիր Փութին համամիտ գտնուեցան, թէ յարգանք պէտք է ընծայել Իրանի՝ խաղաղ նպատակներով միջուկային ուժանիւթ զարգացնելու իրաւունքին նկատմամբ։ Յամենայնդէպս, Իրանն ալ պէտք է համագործակցի միջազգային համապատասխան կառոյցներու հետ՝ Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագրով ստանձնած պարտաւորութիւններու հաւատարիմ մնալով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025