ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտի հետ։

Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Միրզոյեան եւ Արաղչի քննարկեցին տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները։ Միրզոյեան յոյս յայտնեց, թէ Իրան-Իսրայէլ հրադադարը տեւական կ՚ըլլայ եւ բանակցութիւններու իսկական հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ։ Նախարարները քննարկեցին նաեւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան վերաբարեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձան տագնապալի իրավիճակներու մէջ երկու հարեւան ու բարեկամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խնդիրներուն։ 

Թեհրանի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Արաղչի Միրզոյեանի հետ զրուցելու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ կատարուած յարձակման ժամանակ Հայաստանի որդեգրած դիրքորոշման եւ ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ան մասնաւորապէս կանգ առած է Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշման վրայ ու գնահատած է անոր օգնութիւնն ու ջանքերը՝ Իրանի դէմ սանձազերծուած տասներկու օրուայ պատերազմի ընթացքին երկրի քաղաքացիներու հիւպատոսական խնդիրներու դիւրացման ուղղութեամբ։ Միրզոյեան եւ Արաղչի քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները, որոնց կապակցութեամբ ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։

Ապպաս Արաղչի խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի վրայ կատարուած յարձակումները։ Իր խօսքով՝ Թեհրան միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս լրջօրէն կը հետապնդէ իր դէմ բռնութեան համար փոխադարձ հատուցում ստանալու իր իրաւունքը։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեան ողջունեց ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը, ինչ որ կ՚ապահովէ տարածաշրջանէ ներս կայունութիւն եւ լարուածութեան նուազեցում՝ հերթական անգամ դատապարտելով Իրանի դէմ բռնութեան գործողութիւնները։

Ըստ հայկական դիւանագիտական աղբիւրներուն, Արարատ Միրզոյեան Անիթա Անանտի հետ ալ քննարկեց՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Ան նշեց, որ Հայաստան կը գնահատէ Գանատայի կողմէ իր ժողովրդավարութեան, քաղաքական անկախութեան եւ տնտեսական զարգացման ի նպաստ շարունակական աջակցութիւնը։

Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման կարեւորութիւնը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան տեսակէտէ։ Այս ամբողջին մէջ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման նիւթին՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան պարփակած գաղափարներուն ներքեւ։

Միրզոյեան եւ Անանտ շօշափեցին նաեւ Իրանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքով Հայաստանի տարածքով երրորդ երկիրներու՝ ներառեալ Գանատայի քաղաքացիներու տարհանման պարագային Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած մարդասիրական օժանդակութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025