ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու եւ եկեղեցւոյ միջեւ ծագած լարուածութիւնը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Եկեղեցին կը խօսի իր դէմ արշաւի մը մասին, իսկ իշխանութիւնները հարցը այլ ձեւով կը մատուցեն։ Քաղաքական շրջանակներն ալ հետամուտ են խնդրին՝ մասնաւորապէս ընդդիմութիւնը քննադատութեան սլաքները կ՚ուղղէ իշխանութիւններուն։
Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի դիրքորոշումը։ Ան անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որու հետ երկու հանդիպում ունեցաւ վերջերս։ Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութեան փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեանն ալ վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը՝ անդրադառնալով իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապին եւ մեկնաբանելով խնդրի քաղաքական երեսակը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Լեւոն Զուրաբեանի գրառումը։
*
Հայաստանի ղեկը կը գտնուի տգէտ ու չտես, ամբարտաւան ու շահամոլ, պարկեշտութեան մասին պատկերացումէ զուրկ եւ իշխանութիւնը կորսնցնելու հեռանկարէն լրիւ խելագարուած զոյգի մը ձեռքերուն մէջ։ Իր վախերը փարատելու եւ իշխանական վայելքը շարունակելու համար ան ոչինչի առջեւ կը կանգնի՝ ըլլայ սա Արցախի թէ Սիւնիքի եւ հազարաւոր կեանքերու զոհաբերումը, Սահմանադրութեան, օրէնքներու, մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումները եւ օրինականութեան ոչնչացումը եւ ըլլայ մեր ազգային ինքնութեան ձեւաւորման հիմքին ինկած որեւէ արժէքի պղծումը:
Ոչ ոք, արդ, աւելի մեծ հարուած չէ հասցուցած մեր ժողովուրդի անվտանգութեան, բարոյական արժեհամակարգին եւ դիմադրողականութեան՝ քան այս շնաբերան իմաստակներու զոյգը:
Անոնք շատ լաւ կը հասկանան, որ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մաքրութեան» եւ «Ռուսական կայսրութեան լուծէն ազատուելու» համար պայքարելու ցնդաբանութիւններով ժողովուրդի տարբեր հատուածները իրարու դէմ հանելով՝ կը ջարդեն ազգային ամրութեան ողնաշարը, կը սերմանեն պառակտում եւ ատելութիւն, կը թուլացնեն հայ ազգի միաբանութիւնը այն իսկ պահուն, երբ աննախադէպ միջազգային փոթորիկներն ու հակամարտութիւնները կը սպառնան ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս՝ հայոց պետականութեան գոյութեան:
Հայաստանը գարշելի այս զոյգի «կառավարումէն» ազատագրելը դարձած է, հետեւաբար, ազգային անվտանգութեան ապահովման առաջնահերթ երաշխիքներէն մին։