ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ԿՈՉԸ

Հայաստանի ներքին օրակարգին վրայ «Մեր ձեւով» նորաստեղծ ընդդիմադիր շարժումը արդէն հետզհետէ աւելի ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ «Մեր ձեւով» շարժումը վերջերս կազմակերպած էր հաւաք մը, որով յայտարարուած էր նոր կուսակցութիւն մը ստեղծելու գործընթացին մեկնարկը։ Այս ընդդիմադիր հոսանքը կը գլխաւորուի «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ղեկավար, յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ, որ ներկայիս բանտարկուած է։ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ՝ Սամուէլ Կարապետեան զօրակցութիւն յայտնած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ այդ կէտէն սկսեալ սկսած էր թիրախաւորուիլ իշխանութիւններուն կողմէ։ Իրաւապահ համակարգը անմիջապէս իր դէմ շարժման անցած էր եւ արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր ան կալանաւորուած է։ 

«Մեր ձեւով»ի վերջին հաւաքէն անմիջապէս վերջ, Սամուէլ Կարապետեան կալանավայրէն հրապարակեց ուղերձ մը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Կը շնորհաւորեմ բոլորը «Մեր ձեւով» ժողովրդական կամաւոր շարժման մեկնարկին կապակցութեամբ։ Այսուհետ հայրենիքի օգտին մեր աշխատանքները կը դառնան աւելի կազմակերպուած։ Զանազան ոլորտներու համար կը մշակուին ծրագրեր, որոնք կ՚օգնեն բերել բարեկեցութիւն մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիին։ 

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, միանալով այս շարժման՝ դուք կը դառնաք մասը մեծ խումբի մը, որ կ՚աշխատի Հայաստանի ապագայի համար։ Վստահ եմ՝ միասին մենք կը կարողանանք նոր փուլ մը սկսիլ մեր երկրի կեանքէն ներս։ Հայ ժողովուրդը արժանի է արժանապատիւ կեանքի, իսկ մեր պետութիւնը՝ յարգանքի։ Եւ այդ բոլորին մենք պիտի հասնինք ամենօրեայ նուիրեալ աշխատանքով։ Պիտի ընենք՝ «Մեր ձեւով»»։

Միւս կողմէ, «Մեր ձեւով» ժողովրդական կամաւորական շարժման համակարգող խորհուրդի անդամները շաբաթավերջին այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցան Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Շարժման համակարգող Նարեկ Կարապետեան հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց այս ընդդիմադիր հոսանքի հիմնական նպատակներն ու գործունէութեան առաջնահերթութիւնները, որոնք միտուած են հայրենական կեանքէ ներս առկայ հիմնախնդիրներու յաղթահարման։ Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւնը շարժման ներկայացուցիչներուն եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս հոսանքը պիտի գործէ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի գաղափարներով՝ ի նպաստ երկրի զարգացման եւ յառաջընթացի։ Վեհափառ Հայրապետը ցաւով անդրադարձաւ, որ Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ ապօրինաբար ազատազրկուած մնալ ի պաշտպանութիւն հայոց եկեղեցւոյ դրսեւորուած իր նախանձախնդիր ոգիին համար։ 

Հայաստանի առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար Վեհափառ Հայրապետը առաջնահերթ եւ հրամայական նկատեց ազգային միասնականութեան ամրապնդումը եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի ներուժի համախմբումը։ Ան այս առումով կարեւորեց համագործակցութիւնը ազգային եւ հոգեւոր կառոյցներու հետ։ 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ցուցաբերուած զօրակցութեան, շարժման ռազմավարութեան շրջանակներէն ներս ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու, ընտանիքի զօրացման ուղղեալ առանձնայատուկ ուշադրութեան համար։ 

Զրոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց Սամուէլ Կարապետեանին շուտափոյթ վերադարձ ընտանեկան օճախը՝ ընդգծելով, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի շարունակէ իր կաելին ի գործ դնել ազգային բարերարի, ինչպէս նաեւ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի եւ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի ազատ արձակման ուղղութեամբ։ 

Նորին Սրբութիւնը ազգօգուտ եւ արդիւնաւոր առաքելութիւն ցանկաց շարժման ներկայացուցիչներուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025