ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ

Հայկական համայնքը Սուրիոյ մէջ շարունակ կը մնայ կարեւոր եւ զգայուն տարր մը։ Հազարաւոր հայեր տակաւին կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ Ամէն անգամ, երբ Սուրիոյ ներքին քաղաքական իրավիճակը կը թեթեւնայ կամ կը խստանայ, իրավիճակը անմիջապէս կ՚անդրադառնայ նաեւ հայերուն վրայ։ 

Ներկայիս Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ կը խմորուի՝ անվտանգային հաւանական համաձայնութիւն մը, որ կրնայ ստեղծել աւելի հանգիստ պայմաններ համայնքին համար։ Յամենայնդէպս, հարկ է խուսափիլ միամտութենէ․ հաւանական պայմանաւորուածութեան քաղաքական թիրախները կը գերադասեն տարածաշրջանային շահերը եւ փոքրամասնութիւններու ապահովութիւնը կիզակէտային չէ։ Այս պատճառով զգօն մնալը միակ ճիշդ ուղին է։

Եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի միջեւ իսկապէս ստորագրուի այդպիսի համաձայնութիւն մը, ապա Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական քարտէսը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Կայունութիւն Սուրիա-Իսրայէլ սահմանին վրայ, նոր ճնշումներ Իրանի եւ անոր դաշնակիցներուն վրայ, Թուրքիոյ ազդեցութեան նուազում Սուրիոյ մէջ, տիւրզի համայնքի գործօնը քաղաքական դերակատարի վերածուիլը, Սուրիոյ միջազգային օրինականութեան մասամբ վերականգնումը այս համայնապատկերի հիմնական բաղադրիչները պիտի համարուին։ Պէտք չէ մոռնալ, որ այս բոլորը կախեալ պիտի ըլլայ գործադրութենէ։ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութիւնը հարուստ է չիրագործուած համաձայնութիւններով։ Որեւէ քաղաքական կամ ռազմական անակնկալ մը կրնայ խորտակել ձեռք բերուածը։

Այսօրուան աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը կը պարտադրէ հասկնալ, որ Մերձաւոր Արեւելքը այլեւս նախկինը չէ։ Անցեալ դարձած է այն ժամանակը, երբ Սուրիան կը խօսէր Իսրայէլի դէմ յարատեւ պայքարի մասին։ Նոր նախագահ Շարա բացայայտ կերպով կ՚ընդունի, որ այդ քաղաքական ժառանգութիւնը մահացած է։ Հետեւաբար, նոր էջ մը կը բացուի ո՛չ միայն Դամասկոսի, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանի համար։ Կը պարզուի, որ երբ արտաքին ուժերը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Իրան կը փորձեն իրենց շահերը մխրճել Սուրիա-Իսրայէլ ճակատին մէջ, արդէն ամէն ինչ կը դադրի միայն երկու երկիրներու խնդիրը ըլլալէ։

Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ այժմ կ՚որոնուի անվտանգային համաձայնութիւն մը, որ կը քննարկուի եւ կը դառնայ համաշխարհային ուժերու մրցակցութեան արտացոլումը։

Անշուշտ, կարելի է կասկածիլ այս հաւանական քայլի ճակատագրէն։ Մերձաւոր Արեւելքը բազմիցս տեսած է «պատմական» կոչուած համաձայնութիւններ, որոնք տասն օրէ կամ տասն ամիսէ աւելի չեն դիմացած։ Բայց, նոյն ատեն չենք կրնար անտեսել, որ այս նախաձեռնութիւնը առաջինն է, երբ Սուրիա բացայայտ կերպով կը խոստովանի Իսրայէլի հետ խաղաղ գոյակցութեան անհրաժեշտութեան մասին։

Ամէն պարագայի, մեզի համար գլխաւոր մտահոգութիւնը հայ համայնքի անվտանգութիւնն է։ Որեւէ միջազգային պայմանագիր, որպէս այդպիսին, արժէք չ՚ունենար, եթէ հայ համայնքը վտանգի առջեւ մնայ։ Սուրիոյ հայերը՝ մա՛նաւանդ իրենց աշխատասիրութեամբ ապացուցանած են, որ կրնան դիմադրել ամենադժուարին պայմաններուն։ Հիմա, երբ նոր հորիզոններ կը բացուին, ստիպողութիւնը կը մնայ նոյնը՝ աչալրջօրէն հետեւիլ եւ ձայն բարձրացնել, որպէսզի հայութիւնը մնայ խաղերէ դուրս, ապահով եւ ամուր։

Այս տեսակիւնէն՝ ակնկալուած համաձայնութիւնը միայն դիւանագիտական փաստաթուղթ մը չէ։ Ան կը դառնայ փորձաքար մը, թէ արդեօք Մերձաւոր Արեւելքը կ՚ընթանա՞յ դէպի իրական փոխադարձ հասկացողութիւն, թէ կրկին պիտի տապալի… բոլոր ճիգերը թողլով պատմութեան փոշիներուն տակ, կուտակելով աւերներու եւ հիասթափութիւններու նոր եւ ցաւոտ ժառանգութիւն մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025