ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՃՈՒՂԻ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ զրոյց մը ունեցան Չինաստանի Թիէնծին քաղաքին մէջ, ուր վերջին օրերուն մասնակցեցան Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Ալիեւ քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան օրակարգը՝ կարեւորելով շինիչ երկխօսութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան անհրաժեշտութիւնը։ Անոնք ընդգծեցին, անցեալ օգոստոսի 8-ին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վերջին գագաթաժողովի արդիւնքով ձեւաւորուած դրական թափը, որ կը վկայէ խաղաղութեան յառաջ մղման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը։ Կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել շփումները։

Յամենայնդէպս, ՇՀԿ+ ձեւաչափով հանդիպման ժամանակ ունեցած ելոյթին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ օգտագործուող բառապաշարը մեր կողմէ չ՚ընկալուիր այն տրամաբանութեան մէջ, որու մասին մենք համաձայնեցանք Ուաշինկթընի մէջ»։ Հարկ է նշել, որ Թիէնծինի մէջ Իլհամ Ալիեւ հերթական անգամ խօսեցաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին։ Ըստ Ալիեւի, «Զանգեզուրի միջանցք»ը շուտով պիտի դառնայ Միջին միջանցքի, ինչպէս նաեւ Հիւսիս-հարաւ միջանցքի եւս մէկ կարեւոր հատուածը։ Հայաստանով անցնիլը նախատեսուած երթուղիի մասին խօսելու ժամանակ՝ Իլհամ Ալիեւ շեշտեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը պիտի նպաստէ Ատրպէյճանի բոլոր մօտ եւ հեռաւոր հարեւաններուն։ Հայկական լրահոսին մէջ կը մատնանշուի, որ Իլհամ Ալիեւ չէ խօսած Հայաստանի մասին՝ այս նիւթը արծարծելու ժամանակ։

ՇՀԿ-ի գագաթաժողովի օրերուն Չինաստանի Թիէնծին քաղաքը բառին բուն իմաստով դիւանագիտական խճուղիի մը վերածուեցաւ։ Հաւաքի շրջանակներէն ներս աշխոյժ շփումներ տեղի ունեցան աշխարհի բազմաթիւ տարածաշրջաններու դերակատարներուն միջեւ։ Այս ամբողջէն անմասն չէր նաեւ Հարաւային Կովկասը։ Արդարեւ, տարածաշրջանով շահագրգռուած բոլոր դերակատարները ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցան՝ արժեւորելով այժմ ստեղծուած իրադրութիւնը եւ իրենց հեռանկարային քայլերը։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Թիէնծինի մէջ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարա-Մոսկուա բազմակողմանի օրակարգի գրեթէ բոլոր առաջնահերթ խնդիրները շօշափուեցան նախագահներու զրոյցի ընթացքին։ Հարաւային Կովկասն ալ անուշադրութեան չմատնուեցաւ Էրտողան-Փութին զրոյցին ժամանակ։ Թրքական աղբիւրներու պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ շեշտուած է, որ Էրտողան հանդիպման ընթացքին Փութինի նկատառման յանձնած է, թէ Կովկասէ ներս մշտական կայունութիւնը կը բխի Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հասարակաց շահերէն։ 

Բացի Փութինէն, Էրտողան Թիէնծինի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ալիեւի, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ. երկիրներ, որոնք ներկայիս շահեր ունին Հարաւային Կովկասի մէջ։ Անշուշտ, այս շրջանակէն դուրս չէր նաեւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկը՝ մանաւանդ, որ այդ երկիրը արդէն համաշխարհային ծանրակշիռ դերակատարի մը դիրքին վրայ է։

Փութին, որ նախօրէին Փաշինեանի հետ տեսակցած էր, Թիէնծինի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Փեզեշքիանի հետ։ Այս բոլոր հանդիպումները Հարաւային Կովկասի, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն եւ Սիւնիքի վրայով Ատրպէյճան-Նախիջեւան կապը ապահովելիք TRIPP անցուղիի վերաբերեալ մանրամասնութիւններու քննարկման հարթակ հանդիսացան։ Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն զանազան հաղորդումները, ըստ որոնց Էրտողանի հետ տեսակցելու ընթացքին Փեզեշքիան հաւանութիւն տուած է TRIPP-ին եւ ընդհանրապէս անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն։

Իր կարգին, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք երէկ յայտնեց, որ Հայաստան պիտի կշռադատէ բոլոր գործօնները՝ Եւրոմիութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջեւ նախընտրութիւն մը ընելու համար։

Միւս կողմէ, Թիֆլիզի ղեկավարութիւնն ալ երէկ իր վերաբերմունքը արտայայտեց՝ Երեւան-Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ ստեղծուած աշխուժութեան համայնապատկերին վրայ։ Այսպէս, Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլի հրապարակեց բաց նամակ մը՝ ուղղեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ Ան նշեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու աշխուժացման համայնապատկերին վրայ Տանըլտ Թրամփ ոչինչ կ՚ընէ Վրաստանի համար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025